Իսրայէլեան բանակի հրետանին հարուածներ հասցուցած է Սուրիոյ հարաւը գտնուող Տէրաայի նահանգի երեք շրջաններու, յայտնած է Al-Ikhbariya հեռուստակայանը։ Անոր տեղեկութիւններով՝ հրանօթային գնդակոծութիւնը կատարուած է բռնազաւթուած Կոլանի բարձունքներու դիրքերէն։
Արկեր ինկած են Ապիտին, Ճամլա եւ Մաարիա բնակավայրերու շրջակայքին մէջ։ Տուժածներու եւ աւերածութիւններու մասին առայժմ տեղեկութիւններ չեն ստացուած։
Աւելի վաղ նկատուած էր իսրայէլեան ստորաբաժանումներու տեղաշարժը Ուատի ալ-Ռաքաքատ հովիտին մէջ՝ սահմանային Երմուք գետի աւազանին մէջ։ Այդ տեղանքի ուղղութեամբ գիշերային ժամերուն լուսաւորող հրթիռներ արձակուած են։
Բռնագրաւող ուժերը կատարած են նաեւ ալ-Քունէյթրա նահանգի ապառազմականացուած գօտիին մէջ գտնուող ալ-Ռաֆիտ աւանի մաքրումը։ Անոր մուտքերուն մօտ տեղադրուած են անցակէտեր՝ քաղաքացիներու եւ ինքնաշարժներու ստուգման համար։ Տեղի բնակիչներու տուներուն մէջ խուզարկութիւններու ընթացքին ձերբակալուած են անձեր, որոնք կը կասկածուին արմատական խմբաւորումներու պատկանելու մէջ։