image

Ռուսիոյ հետ կապերը խզելու պարագային Հայաստանը կը կորսնցնէ արժէքը Եւրոմիութեան աչքին. ռուս քաղաքագէտ

Ռուսիոյ հետ կապերը խզելու պարագային Հայաստանը կը կորսնցնէ արժէքը Եւրոմիութեան աչքին. ռուս քաղաքագէտ

Եւրոմիութեան հետ չափազանց սերտ մերձեցումը Հայաստանի համար յղի է որոշակի «տոյժերով»։ Այս մասին յայտարարած է ռուս քաղաքագէտ Մաքսիմ Վասքովը Երեւանի մէջ Ռազմավարական հետազօտութիւններու եւ նախաձեռնութիւններու վերլուծական կեդրոնի կազմակերպած խորհրդաժողովին։

Փորձագէտը կը կարծէ, որ Հայաստանի նկատմամբ պրիւսէլեան պաշտօնեաներու ներկայիս հետաքրքրութիւնը առաւելապէս պայմանաւորուած է անով, որ Երեւանը տարածաշրջանին մէջ Մոսկուայի դաշնակիցն է։

«Քանի դեռ Հայաստանը դաշնակցային յարաբերութիւններ ունի Ռուսիոյ հետ, այն շատ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ Եւրոպական Միութեան համար, քան եթէ Երեւանն ամբողջութեամբ խզէ յարաբերութիւնները Մոսկուայի հետ։ Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ յարաբերութիւններու ամբողջական խզման պարագային Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին ինչ-որ յատուկ պայմաններ պիտի չտրամադրէ, օրինակ, նոյն առեւտրատնտեսական ոլորտին մէջ»,-ըսած է փորձագէտը։

Բացի այդ, Եւրոպական Միութիւնը որոշ փուլի Հայաստանէն Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ յարաբերութիւններու որակական վերանայում պիտի պահանջէ։ Արդեօք Եւրոմիութիւնը պիտի փոխհատուցէ այդ տնտեսական, քաղաքական ծախսերը՝ փորձագէտը կը կասկածի։

Միաժամանակ, Վասքովն այնպիսի հարցեր չի տեսներ, որոնք այսօր հնարաւոր չէր ըլլար լուծել Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ անկեղծ երկխօսութեան պարագային: