image

Հայաստանը շուտով պիտի կորսնցնէ Եւրոպական միութեան անդամակցելու ցանկութիւնը․ Լաւրով

Հայաստանը շուտով պիտի կորսնցնէ Եւրոպական միութեան անդամակցելու ցանկութիւնը․ Լաւրով

 

Հայաստանի մօտ շուտով պիտի կորսուի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ցանկութիւնը, յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։

«Տնտեսապէս Եւրոպական Միութիւնը, բազմաթիւ գործօններու բերումով, ներառեալ իր կարճատեսութեան, եթէ չըսենք՝ յիմարութեան պատճառով, կը կորսնցնէ իր առաւելութիւնները։ Սովորութեան կարգով, որոշ երկիրներ, ինչպէս՝ մեր սերպ բարեկամները, իսկ այժմ նաեւ մեր հայ գործընկերները, կը ձգտին անդամակցիլ ԵՄ-ին։ Վստահ եմ, որ անոնց մօտ այդ ցանկութիւնը շատ շուտով պիտի կորսուի»,– ըսած է Լաւրով՝ Արեւելեան տնտեսական համաժողովի ծիրէն ներս։

Ան նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը այսօր իր բոլոր տնտեսական առաւելութիւնները կը վատնէ։