 
                    Ռուսիան եւ Ատրպէյճանը ջանասիրաբար կ՚աշխատին տարբեր մակարդակներով, եւ երկու երկիրներու միջեւ երկխօսութիւնը կը շարունակուի, ըսած է Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը:
«Ներկայիս կ՚ընթանայ քրտնաջան աշխատանք, եւ նախագահը բարձրացուցած է այս բոլոր զգայուն հարցերը, եւ ատոնք կը քննարկուին աշխատանքային մակարդակով։ Մենք կը շարունակենք մեր երկխօսութիւնը», -ըսած է Փեսքովը՝ պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն:
Յիշեցնենք, որ յուլիսի 1-ին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդած են Պաքուի մէջ Ռուսիոյ ութ քաղաքացիներու ձերբակալման մասին, որոնք, ըստ ատրպէյճանական կողմի, կապուած են Իրանէն թմրանիւթերու տարանցման եւ «սայպըր» յանցագործութիւններու հետ։ Անոնք ձերբակալուած են չորս ամիսով։