image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիան պէտք չէ յաղթէ. Փարիզի մէջ կայացաւ Մաքրոն, Շոլց, Զելենսքի հանդիպումը

Ռուսիան պէտք չէ յաղթէ. Փարիզի մէջ կայացաւ Մաքրոն, Շոլց, Զելենսքի հանդիպումը

Էլիզէ պալատին մէջ 8 փետրուարի երեկոյէն մինչեւ 9 փետրուարի գիշերը կայացած է Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Ուքրանիոյ ղեկավարներու հանդիպումը։ Էմանուէլ Մաքրոնը, Օլաֆ Շոլցը եւ Վլատիմիր Զելենսքին զրուցած են իրարու հետ գործնական ընթրիքի ժամանակ։ Բայց նախ անոնք յայտարարութիւններ կատարած են մամլոյ համար, գրած է rfi.fr։

Եւրոպացի առաջնորդներու յայտարարութիւններուն ընդհանուր ուղերձն այն էր, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին չի կրնար եւ պէտք չէ յաղթէ, Եւրոպան Ուքրանիոյ հետ է մինչեւ յաղթանակ։ Զելենսքիի ուղերձն էր՝ տուէք աւելի շատ զէնք, քանի որ անկէ  կախուած է Եւրոպայի խաղաղութիւնը եւ ուքրանացիներուն կեանքը։

Աղբիւրը մանրամասնած է, որ Զելենսքին Փարիզ ժամանած է բրիտանական կառավարական օդանաւով՝ Լոնտոնէն, ուր ան մինչ այդ անցուցած էր հանդիպումներով  յագեցած օր՝ խօսելով խորհրդարանականներու հետ, հանդիպած է եւ համատեղ մամուլի ասուլիս կատարած վարչապետ Ռիշի Սունաքի հետ:

Զելենսքիի եւրոպական ամբողջ ճանապարհորդութիւնը՝ Մեծ Բրիտանիա, Ֆրանսա 9 փետրուարին, նաեւ Եւրոպական Միութեան արտահերթ գագաթնաժողովը Պրիւքսէլի մէջ, նուիրուած է հիմնական նպատակին՝ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու համար նոր զէնք ձեռք բերելուն, գրած է աղբիւրը:

Նշուած է, որ Մաքրոն, Զելենսքի եւ Շոլց Էլիզէ պալատի հանդիսութիւններուն դահլիճ մտած են գրեթէ ժամը տաս ու կէսին։

Մամուլի ճեպազրոյցին առաջինը ելոյթ ունեցած է հանդիպումը հիւրընկալող Մաքրոնը։ Ան յիշեցուցած է, որ Զելենսքին արդէն երկու անգամ եղած է այս դահլիճը. առաջին անգամ ուքրանական ընտրութիւններու երկու փուլերու միջեւ ինկած ժամանակամիջոցին (2019-ի գարնան), եւ երկրորդ անգամ, երբ այստեղ տեղի ունեցած է Նորմանտական ձեւաչափի երկիրներու ղեկավարներու վերջին գագաթնաժողովը՝ դեկտեմբեր 2019-ին:

«Բայց Փութինը չուզեց, որ Տոնպասի զինուած հակամարտութիւնը խաղաղ լուծում ստանայ. հակամարտութիւն, որ ինքը կազմակերպած էր, եւ ի արդիւնք լայնամաշտապ պատերազմ սանձազերծեց։ Ուքրանիան պէտք է յաղթէ այս պատերազմին»,- կրկին յիշեցուցած է Մաքրոն։

«Մենք կ'աջակցինք Ուքրանիոյ: Վճռականութեամբ պիտի ուղեկցինք  անոր մինչեւ  յաղթանակ եւ իր օրինական իրաւունքներու վերականգնումը... Մենք պիտի շարունակենք ջանքերը պաշտպանական մատակարարումներու առումով»,- շարունակած է Ֆրանսայի նախագահը։

Մաքրոն նաեւ նշած է, որ Ուքրանիան կրնայ յոյս դնել Ֆրանսայի եւ եւրոպական միւս դաշնակիցներու աջակցութեան վրայ, իսկ «Ռուսիան չի կրնար եւ պէտք չէ յաղթէ»։

Գերմանիոյ վաչապետ՝ Օլաֆ Շոլց, որ ելոյթ ունեցած է երրորդը, նաեւ վստահեցուցած է Զելենսքիին, որ դաշնակիցները կ'աջակցին իր երկրին, նաեւ ռազմական առումով, «այնքան ժամանակ, որքան պէտք է» ետ մղելու ռուսական ներխուժումը:

«Մենք հաւատարիմ ենք Ուքրանիոյ: Անոր աջակցած ենք ֆինանսական, մարդասիրական եւ սպառազինութեան, ծանր հրետանիի, հակաօդային պաշտպանութեան հարցերով, եւ, վերջերս որոշելով մատակարարել մարտական հրասայլեր, եւ մենք պիտի շարունակենք այդ ընել այնքան ժամանակ, քանի դեռ անհրաժեշտ է»,- վստահեցուցած է Գերմանիոյ վարչապետը:

Ինքը՝ Զելենսքին, ելոյթ ունենալով Ֆրանսայի նախագահէն ետք, շնորհակալութիւն յայտնած է եւրոպական երկու երկիրներու ղեկավարներուն «այս ամիսներու ընթացքին» Ուքրանիոյ հետ ըլլալու համար՝ յիշեցնելով, որ Մաքրոնն առաջինն էր, որ որոշեց հրասայլեր ուղարկել Ուքրանիա, իսկ Շոլցը մատակարարած է չափազանց արդիւնաւէտ ՀՕՊ համակարգերը:

«Մենք շատ բանի մէջէ անցած ենք անցեալ փետրուարէն մինչեւ այս փետրուարը: Մենք ապահոված ենք ամուր միասնութիւն՝ մերն ու Եւրոպայինը։ Մենք ուժեղացուցած ենք ցամաքամասը։ Մենք ուժեղացուցած ենք Ուքրանիան: Մենք այս պահուն շատ ժամանակ չունինք: Եւ այդ այսօրուան մասին չէ։ Խօսքն այն շաբաթներու ու ամիսներու մասին է, որոնք մեզի կը սպասեն: Խօսքը մեզի համար անհրաժեշտ զէնքի մասին է: Անհրաժեշտ է ամրապնդել մեր ընդհանուր դիրքերը՝ Ուքրանիոյ եւ բոլոր եւրոպացիներունը»,- ըսած է Զելենսքին՝ նշելով, որ «Ֆրանսան եւ Գերմանիան ունին խաղը փոխողներու ներուժ», այսինքն՝ կրնան ազդել պատերազմի ընթացքին վրայ։

«Ամէն ինչ պարզ է. որքան շուտ Ուքրանան ստանայ հեռահար զէնքեր... Էմանուէլ, որքան շուտ մեր օդաչուները ստանան ժամանակակից օդանաւներ... Օլաֆ, որքան ուժեղ ըլլայ մեր հրասայլերու դաշինքը, այնքան շուտ կ'աւարտի ռուսական յարձակումները, եւ մենք վստահ կը վերադառնանք խաղաղ Եւրոպային»,- ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը։

«Էմանուէլ, ես գիտեմ, թէ որքան կարեւոր եղած է քեզի համար, որ Եւրոպան ուժեղ ըլլայ: Օլաֆ, ես գիտեմ, որ դուն միշտ բանական քաղաքականութիւն վարած ես: Իսկ ռուսական յարձակումներուն աւելի արագ վերջ տալն ամենաբանական բանն է, որ կրնայ տեղի ունենալ»,- ըսած է Զելենսքին։