image

Փարիզի եւ Ֆրանսայի այլ քաղաքներու մէջ պարետային ժամ յայտարարուած է

Փարիզի եւ Ֆրանսայի այլ քաղաքներու մէջ պարետային ժամ յայտարարուած է

Ֆրանսայի շարք մը քաղաքներու, ներառեալ՝ Փարիզի, Պորտոյի, Նիսայի եւ Լիոնի որոշ շրջաններու մէջ պարետային ժամ սահմանուած է, որպէսզի ոստիկանութիւնը կարենայ ճնշել ցոյցերու ընթացքին տեղի ունեցող անկարգութիւններն ու կողոպուտները։ Վարչապետ Սեպասթիան Լըքորնիւն չէ բացառած արտակարգ դրութիւն հաստատելու կարելիութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանս 24»ը։

Լըքորնիւն նաեւ յայտարարած է, որ շարք մը շրջաններու մէջ մասնակի պարետային ժամ հաստատելու շնորհիւ կարելի եղած է գիշերը անդորր ապահովել։

Փարիզի որոշ շրջաններու մէջ պարետային ժամը կը գործէ տեղական ժամանակով՝ ժամը 23։00էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 6։00, իսկ Լիոնի եւ Նիսայի մէջ՝ ժամը 21։00էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 6։00։

Հոկտեմբեր 17-18ին տեղի ունեցած անկարգութիւններու ընթացքին հազարաւոր խանութներ կողոպտուած են։ Այս միջադէպերէն ետք առցանց հարթակներու վրայ սկսած են վաճառքի հանուիլ ակնյայտօրէն գողցուած ապրանքներ, կը նշէ լրատուամիջոցը։ Ֆրանսայի կառավարութիւնը խոշոր առցանց վաճառողներուն կոչ ըրած է զերծ մնալ գողցուած ապրանքներու վաճառքէն։

Շաբաթավերջին Ֆրանսայի մէջ շուրջ 550 հազար մարդ մասնակցած է բողոքի ցոյցերու՝ ընդդէմ ապրուստի բարձր ծախսերուն, հանրային ծառայութիւններու որակի վատթարացման եւ, մասնաւորաբար, դպրոցներու վիճակի վատթարացման։

Ներքին գործոց նախարար Լորան Նիւնիէս յայտարարած էր, որ ոստիկանութիւնը կարգ մը քաղաքներու մէջ կորսնցուցած է ցոյցերու նկատմամբ վերահսկողութիւնը։ Այս իրադարձութիւններուն լոյսին տակ ան հրաժարական ներկայացուցած էր նախագահին, սակայն վերջինս մերժած էր զայն։

Ցոյցերուն ընթացքին ձերբակալուած է շուրջ 2,400 մարդ, իսկ 1,000 ոստիկան եւ ժանտարմ վիրաւորուած է։