image

Ռուսիան հարուածած է Խարքովը. Կան զոհեր

Ռուսիան հարուածած է Խարքովը. Կան զոհեր

Ռուսական անօդաչու թռչող սարքերը յունիս 5-ի գիշերը գրոհած են Ուքրանիոյ Չեռնիկովի մարզի Փրիլուքի քաղաքը, որու հետեւանքով զոհուած է առնուազն հինգ մարդ, այդ շարքին՝ մէկ տարեկան երեխայ, յայտնած է Չեռնիկովի մարզային ռազմական վարչութեան ղեկավար Վեաչեսլաւ Չաուսը։

Անոր խօսքով՝ Փրիլուքիի վրայ յարձակած է առնուազն վեց անօդաչու թռչող սարք, որոնք վնասած են բնակելի թաղամասերու տուները։

«Նախնական տեղեկութիւններ կան հինգ զոհուածի մասին՝ երկու կին եւ մէկ տարեկան երեխայ, որոնք յայտնաբերուած են փլատակներու տակ», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ։ Ան աւելցուցած է, որ տեղեկութիւններ կան 17 վիրաւորի մասին, որոնք հիւանդանոց տեղափոխուած են։

Բացի այդ, ռուսական զօրքերը գիշերը հրթիռային յարձակում գործած են Խարքովի վրայ: Աւելի ուշ հաղորդուած է, որ յարձակումը հրդեհ առաջացուցած է բազմայարկ շէնքի մէջ, եւ կան զոհեր: