Առնուազն 73 անձ, ներառեալ կիներ եւ երեխաներ, վիրաւորուած են Սէուտական Արաբիոյ քաղաքներու վրայ «Անսար Ալլահ» շարժման հուսիներու յարձակման հետեւանքով։ Այս մասին կը հաղորդէ SPA գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով արաբական դաշինքի պաշտօնական ներկայացուցիչ, զօրավար-մայոր Թուրքի ալ-Մալիքին։
«Ապհա, Խամիս Մուշայթ, Ժիզան եւ Նաժրան քաղաքներուն մէջ յարձակման ենթարկուած են քաղաքացիական եւ տնտեսական կառոյցներ, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է 73 քաղաքացիական անձ, ներառեալ կիներ եւ երեխաներ»,– նշուած է գործակալութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Կը նշուի, որ դաշինքի հրամանատարութիւնը բոլոր անհրաժեշտ միջոցները պիտի ձեռնարկէ հուսիներուն հակազդելու համար։