Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի զինծառայողներու ուղեկցութեամբ մարդասիրական բեռ հասցուած է Արցախ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ խաղաղապահները Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով մարդասիրական բեռով մեքենաներու շարասիւնը ուղեկցած են դէպի Լեռնային Ղարաբաղ։
Նաեւ նշուած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու հետ Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով մեքենաներու անխոչընդոտ երթեւեկութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ։