Ռուսական «Առաջին ալիքի» ռեփորթաժին մէջ նշուած է. «Այսօր Երեւանի մէջ մեկնարկած է ընդդիմադիր ուժերու յայտարարած մաշտապային արշաւը: Առաջին հարուածը ստացած է այնտեղը, ուր կը գտնուին Արդարադատութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւնները: Ցուցարարները ճեղքած են ոստիկանութեան պատն ու արգելափակած փողոցը: Ընդ որում՝ աւելի լուրջ բախումներ դեռ չկան:
Կառավարութեան շէնքի մօտ եղած է բազմահազարանոց ցոյց: Մասնակիցները պահանջած են Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը եւ կոչ ըրած բանակին անցնելու իրենց կողմը: Հանրապետութեան հրապարակին մէջ անոնք վրաններ տեղադրած են, եւ արդէն երեկոյեան բողոքի ցոյցի առաջնորդները յայտարարած են, որ այդտեղ պիտի գիշերեն:
Ինքը՝ Փաշինեանը, գրած է դիմատետրեան իր էջին, որ փողոցներուն մէջ տեղի ունեցածը կը համարէ ոչ թէ ընդդիմութեան արշաւ, այլ նախկին էլիտաներու պայքար կորսնցուցած իշխանութեան համար»:
«Ռոսսիա 1» պետական հեռուստաալիքի «Վեսթի» տեղեկատուական հաղորդման եթերին հեռարձակուած «Երեւանի մէջ բողոքի ցոյցեր. ցուցարարները կը պահանջեն վարչապետի հրաժարականը» ռեփորթաժին մէջ նշուած է, որ հաւաքուածներու միակ պահանջը երկրի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականն էր. «Ցուցարարները կը պահանջեն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Ցուցարարները շրջափակած են կառավարութեան, գլխաւոր դատախազութեան եւ ԱԳՆ-ի շէնքը: Կը հաղորդուի, որ տեղի ունեցած են բախումներ ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ»:
ՆՏՎ հեռուստաալիքի «Սեկոտնիա» տեղեկատուական թողարկման մէջ նշուած է, որ արշաւին կը միանան նաեւ Հայաստանի ուրիշ քաղաքներէ. «Տեղական ԶԼՄ-ներու հաղորդմամբ՝ փակուած են հանրապետութեան հիւսիսը գտնուուղ, այդ շարքին՝ Փաշինեանի հայրենի քաղաք՝ Իջեւան տանող մայրուղիները: Ցոյցի առաջնորդներէն մէկը՝ Իշխան Սաղաթէլեանը, յայտարարած է, որ արշաւները պիտի ըլլան անժամկէտ, եւ կոչ ըրած իր կողմնակիցներուն չհեռանալ հրապարակէն, քանի դեռ ներկայիս կառավարութիւնը հրաժարական չէ տուած»: