image

«Ռուսաստան ուղղակիօրէն ինքզինք դուրս բերաւ Հայաստանի նկատմամբ իրաւական պարտաւորութիւններէն». Գայիանէ Աբրահամեան

«Ռուսաստան ուղղակիօրէն ինքզինք դուրս բերաւ Հայաստանի նկատմամբ իրաւական պարտաւորութիւններէն». Գայիանէ Աբրահամեան

«Յանուն հաւասար իրաւունքներու» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Գայիանէ Աբրահամեանին կարծիքը շօշափեցինք Հայաստանի հրատապ օրակարգի խնդիրներուն կապակցութեամբ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր մօտեցումները։

*

-Կ՚ակնկալուէր, որ Եւրոպայի ճնշումներէն՝ յատկապէս ՄԱԿ-ի հովանաւորած Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռէն ետք Ատրպէյճան ի վերջոյ բանար Լաչինի միջանցքը։ Բայց այդ մէկը տեղի չունեցաւ։ Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք Արցախի այժմու իրավիճակը եւ յատկապէս Լաչինի միջանցքի տագնապը։

Իրականութեան մէջ, իրաւական կամ դիւանագիտական գործընթացներուն աշխուժօրէն ներգրաւուած անձերը շատ մեծ ակնկալութիւն մը չունէին, որ Ատրպէյճան այդպէս մէկ անգամէն կը բանայ միջանցքը։ Սա հասկնալի էր բոլորիս համար եւ հնարաւոր չէր, որ Ատրպէյճան անմիջապէս իրականացնէ այդ պահանջը՝ հակառակ, որ դատարանը վճիռը արձակելով յստակ ներկայացուց, որ Ատրպէյճան իրաւական պատասխանատուութիւն եւ պարտաւորութիւն կը կրէ։ Բայց, հասկնալի է, որ քաղաքական մասով Ատրպէյճան թերեւս փորձէ ճնշումներ բանեցնել, հնարաւորինս ժամանակ շահիլ եւ այդ ժամանակի ընթացքին Հայաստանէն քաղաքական որոշ զիջումներ ստանալ։ Բայց, Ատրպէյճան այս խնդիրը երկարելու միջոց չունի։ Եթէ նայինք Արդարադատութեան միջազգային ատեանի նախադէպերուն, ապա չկայ որեւէ երկիր, որ չէ իրականացուցած անոր վճիռը։ Դատարանի վարկանիշը չափազանց կարեւոր է եւ ՄԱԿ թոյլ չի տար, որ այդ վճիռը անպատիժ եւ չիրականացած մնայ։ Այլ հարց է, որ սա որոշ ժամանակ կրնայ տեւել։ Միջազգային իրաւունքի մէջ, դժբախտաբար, չկան հարկադրող մարմիններ՝ այսինքն ինչպէս ներքին պետական դատական ատեաններու պարագային, երբ դատավճիռը չիրականանայ, ապա հարցը կ՚երթայ հարկադիր մարմին եւ հարկադիրը դատարանի վճիռը կ՚իրականացնէ իր ծառայութիւններով։

Արդարադատութեան միջազգային ատեանը ունի քաղաքական մարմին մը եւ հարցը ի վերջոյ կրնայ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդ հասնիլ։ Հասկնալի է, որ Անվտանգութեան խորհուրդը ունի այլ շահեր ու խնդիրներ եւ այնտեղ հայց տանիլը կրնայ դժուար ըլլալ, բայց, միւս կողմէ, կը հասկնանք, որ Ատրպէյճան չունի այնքան ներուժ եւ ինքզինքին թոյլ չի տար չիրականացնել ՄԱԿ-ի որոշումը։ Բաց աստի, կը նկատենք, որ Ատրպէյճան արդէն իսկ որոշ զիջումներու կ՚երթայ։ Ալիեւի պաշտօնեաները պարտադրուած՝ ռուսական միջամտութեամբ երկու անգամ խօսած են Արցախի իշխանութեան հետ։ Միայն այս հանգամանքը արդէն իսկ զիջումներէն մէկն է։ Անոնք սկսած են Արցախի իշխանութեան հետ հաշուի նստիլ եւ կը բանակցին։

 

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի իշխանութիւններուն առած քայլերը՝ մասնաւորապէս արտաքին ճակատի վրայ։ Ձեր կարծիքով, որո՞նք են թերացումները եւ ի՞նչ քայլերու պէտք է դիմել՝ երկրի անվտանգութեան խնդիրներու լուծման համար։

Իշխանութեան առած քայլերը պիտի տարանջատեմ՝ պատերազմէն յետոյ եւ վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին։ Վերջին քանի մը ամիսներուն որոշ քայլերը ես բաւական դրական կը համարեմ, բայց պատերազմէն անմիջապէս յետոյ, այսինքն 2021 թուականի հիմնական ընթացքը, յատկապէս 12 մայիսէն ետք՝ բաւական սխալներ գործուեցան։ 12 մայիսէն ետք Հայաստանի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին չդիմելը բաւական լուրջ խնդիրներ յառաջացուց, որովհետեւ այդ մէկը ճիշդ ժամանակն էր դիմելու։ Այդ օրերուն մենք նաեւ յայտարարութիւն տարածեցինք, որ Հայաստան պէտք է դիմէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդ, որովհետեւ իր ինքնիշխան տարածքին վրայ յարձակում տեղի կ՚ունենար եւ այդ մէկը առաջին դէպքն էր։ Այս յարձակումը մենք փաստացիօրէն չարձանագրեցինք՝ որպէս յարձակում եւ այդ մէկը նաեւ միջազգային հանրութեան կողմէ՝ այսինքն տուեալ պարագային ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ չարձանագրուեցաւ։ Մինչդեռ այդ կրնար ըլլալ շատ կարեւոր քայլ մը, որովհետեւ Ատրպէյճանի 12 մայիսին յարձակումէն անմիջապէս ետք մենք ունեցանք մի քանի երկիրէ՝ առնուազն հինգ պետութիւններէ շատ խիստ, յստակ, հասցէական յայտարարութիւն՝ առ այն, որ պատահածը անընդունելի է։ Ունեցանք յայտարարութիւն Ֆրանսայէն, Հնդկաստանէն, Գանատայէն, Եւրոմիութենէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ Առնուազն այս հինգ բաւական լուրջ դերակատարները յստակ յայտարարեցին, որ սա անընդունելի է եւ Ատրպէյճանի կողմէ յարձակում է։ Ասկէ ետք մեր իշխանութիւնը գնաց աւելի սխալ քայլեր իրականացնելու մօտեցմամբ։ Այդ ժամանակ յայտարարուեցաւ, որ մենք «հայելային յետքաշում» կ՚ընենք, մինչդեռ եթէ մտած են մեր տարածքը, այդ արդէն «հայելային յետքաշում» չէր, այլ՝ մենք մեր տարածքէն ետ պիտի քաշուէինք։ Այդ ընթացքին սխալները շատ էին եւ այդ ընթացքին էր, որ մենք կը պնդէինք, անընդհատ կը բարձրաձայնէինք հարցը, թէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ յարձակումը պէտք է միջազգայնացնել, Արցախի խնդիրը պէտք է միջազգայնացնել եւ Արցախի խնդիրը միջազգայնացնելու ամենակարեւոր միջոցը պէտք էր ըլլար մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան դրութեան հաստատումը։ Այսինքն, այն հիմնական գործիքը, որ հիմա մենք ունինք այդ մարդու իրաւունքներու խախտումներու խնդիրներն են՝ թէ՛ պատերազմի օրերուն տեղի ունեցած բաւական լուրջ զանգուածային մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ թէ պատերազմական յանցագործութիւնները, նաեւ պատերազմէն ետք՝ գերիները չվերադարձնելը, ինչ որ եւս պատերազմական բազմաթիւ պայմաններու խախտում էր։ Այս բոլորը մեզի կու տայ մարդու իրաւունքներու ամբողջ շրջանակ մը, որով մենք կրնանք բաւական լուրջ գործընթաց մը սկսիլ։ Մինչդեռ, պատերազմին յաջորդած քանի մը ամիսներուն ընթացքին այս քայլերը չառնուեցան։ Այս սխալին հետեւանքը մենք տեսանք նաեւ 26 նոյեմբերէն ետք։ Երբ 26 նոյեմբերին կրկին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ յարձակում, արդէն աշխարհ միակամ այդ դատապարտումը չըրաւ՝ ինչպէս ըրած էր 12 մայիսէն ետք, որովհետեւ 12 մայիսէն ետք մեր իշխանութիւնը յստակ չէր իր առած քայլերուն մէջ եւ սահմանազատման ու սահմանագծման մասին արտայայտուեցաւ միջազգային դերակատարներուն մօտ, սա եւս կասկած յառաջացուց, թէ գուցէ իսկապէս այդտեղ սահմանազատման եւ սահմանագծման խնդիր կայ։

26 նոյեմբերէն ետք մենք կը դիտարկենք արտաքին քաղաքականութեան որոշակի փոփոխութիւն մը։ Կրնամ ըսել, որ ճիշդ քայլերով սկսաւ աւելի գործունեայ դրութիւններ կիրառել։ Այդ առումով կրնանք նշել իրաւական դիւանագիտութեան քայլերը՝ այսինքն յատկապէս Արդարադատութեան միջազգային ատեան դիմելը՝ ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու արգելքի օրէնքով, որ իսկապէս շատ կարեւոր է, յատկապէս ապագային Արցախի խնդիրը այլ իրաւական հիմքերով լուծելու տեսանկիւնէն։ Կարգ մը խնդիրներու մէջ կը տեսնենք նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան զանազան ուղղութիւններով առնուած քայլեր, որոնց արդիւնքով մենք տեսանք Եւրոմիութեան դիտորդներու առաքելութեան տեղակայումը։ Ես կը համարեմ, որ վերջին գոնէ մէկ տարուան ընթացքին արտաքին, դիւանագիտական որոշակի քայլեր կ՚առնուին եւ այդ քայլերը ինչ-որ տեղ կրնամ ըսել, որ դրական են եւ դրական ազդեցութիւն կը թողնեն Հայաստանի անվտանգային խնդիրներու լուծման տեսակէտէ։

 

-Դրական կը համարէ՞ք Եւրոմիութեան դիտորդներու Հայաստան ժամանումը։ Ի՞նչ օգուտներ կրնայ քաղել երկիրը։

Ուքրայնայի պատերազմէն ետք Հայաստանի անվտանգային խնդիրներու սրումը շատ աւելի մեծցաւ եւ հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ, բայց, միւս կողմէ նաեւ որոշակի մանեւրելու հնարաւորութիւն տուաւ երկրին։ Արդէն իսկ ակնյայտ է, որ սեպտեմբերին՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ Ատրպէյճանի սանձարձակ յարձակումէն ետք, Ռուսաստան սկսաւ հանդէս գալ ոչ-հայանպաստ դիրքերէ։ Մինչդեռ ամբողջ աշխարհ դիրքաւորուեցաւ յստակ, ուղիղ՝ ըսելով, որ այս անընդունելի է եւ սա Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ յարձակում է, սա կարմիր գիծ է Արեւմուտքին համար, որ այլեւս թոյլ չի կրնար տալ Ատրպէյճանի յառաջ երթալուն։ Ռուսաստան որեւէ քաղաքական յայտարարութիւն չըրաւ՝ ըսելով, որ Հայաստանի վրայ յարձակում տեղի ունեցած է։ Ան կրկին ըսաւ, որ պէտք է սահմանազատում եւ սահմանագծում տեղի ունենայ, ինչ որ բացարձակ անընդունելի է։ Արդարեւ, եթէ այս բոլորը սահմանային վէճ էր, ինչպէս Ռուսաստան կը պնդէր, Ջերմուկը որեւէ ատեն սահմանային վէճի տիրոյթ չէ եղած։ Սա որեւէ կերպով ընդունելի չէր կրնար ըլլալ։ Այսինքն Ռուսաստան ուղղակիօրէն ինքզինք դուրս բերաւ Հայաստանի նկատմամբ ունեցած իրաւական պարտաւորութիւններէն։ Հայաստան դիմեց ՀԱՊԿ-ին ու որեւէ պատասխան չստացաւ։ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մէջ եւս կան դաշնակցային պարտաւորութիւններ, զորս Մոսկուա չիրականացուց։

Այս իրավիճակին մէջ էր, որ Հայաստան ունեցաւ որոշակիօրէն մանեւրելու եւ իր արտաքին քաղաքականութիւնը բազմակողմանի դարձնելու հնարաւորութիւն։ Այս իրավիճակին պայմաններով արդէն ունեցանք օրինական, իրաւազօր իրաւունք, նաեւ պատճառաբանութիւն, թէ դիմելու Եւրոպայի դերակատարներուն, որպէսզի Հայաստանի սահմանի ամբողջ երկայնքով տեղակայուին Եւրոմիութեան դիտորդները։ Սա չափազանց կարեւոր փոփոխութիւն էր Հայաստանի համար։ Շատեր կրնան պնդել, որ անոնք զինուած չեն եւ մեծաքանակ ուժեր չեն, եւ այլն։ Բայց, միայն անոնց գոյութիւնը արդէն իսկ զսպիչ գործօն մըն է Ատրպէյճանին համար։ Կայ նաեւ այլ մտայնութիւն մը, թէ ռուսական կողմը եթէ դուրս գայ, ապա ի՞նչ կրնայ պատահիլ։ Արդեօք Արեւմուտքէն զօրք կու գա՞յ, եւ այլն։ Արեւմուտքէն զօրք պիտի չգայ եւ առաւելագոյնը՝ դիտարկային խումբի ներկայութիւնն է։ Բայց, այն ինչ, որ տեղի ունեցաւ սեպտեմբերին՝ Ռուսաստանի զօրքը Հայաստանի մէջ էր եւ յատկապէս այն հատուածներուն մէջ, ուրկէ տեղի ունեցաւ յարձակումը։ Վայոց Ձորի հատուածին՝ Ջերմուկ եւ այլն։ Այդ հատուածի վերահսկողութիւնը կ՚իրականանար տեղակայուած սահմանապահ ռուսական զինեալ ուժին կողմէ։ Ատրպէյճանի յարձակումէն ընդամէնը քանի մը ժամ առաջ ռուսական զօրքը ետ քաշուեցաւ եւ ուղղակիօրէն թոյլ տուաւ, որ այդ յարձակումը իրականացուի։ Ռուսական զօրքի ներկայութիւնը ո՛չ միայն չպաշտպանեց Հայաստանը եւ պետական սահմանները, այլեւ վտանգներ ստեղծեց։ Չկային Արեւմուտքի զօրքեր, բայց սեպտեմբերի յարձակումը կասեցուեցաւ, կանգնեցուեցաւ առաւելապէս ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Պլինքընի հեռախօսազանգերուն շնորհիւ։ Արեւմուտքը այստեղ զօրք չունի, բայց աւելի ազդեցիկ կ՚ըլլայ Ատրպէյճանի վրայ իր որոշակի ճնշումներու գործադրման տեսակէտէ՝ քան ռուսական զօրքը, որ այստեղ է, բայց որեւէ կերպով շահ չունի եւ հետաքրքրութիւն չունի՝ պահպանելու, պաշտպանելու Հայաստանի շահը եւ իրականացնելու իր դաշնակցային պարտաւորութիւնները։

 

-Վերջին օրերուն տարածաշրջանին մէջ կարեւոր գործընթացներ տեղի կ՚ունենան։ Խօսքը կը վերաբերի՝ յատկապէս Ռուսաստան-Ատրպէյճան շփումներուն եւ, ըստ երեւոյթին, այդ շփումներէն ետ չեն մնար Իրանն ու Թուրքիան։ Ի՞նչ կը կարծէք, մօ՞տ ենք Հայաստան-Ատրպէյճան քաղաքական հանգուցալուծման փուլին։ Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք գործընթացները։ 

Հանգուցալուծման մասով պէտք է շեշտեմ, որ չեմ կարծեր, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան մօտ են այդ հանգուցալուծման, որովհետեւ Ատրպէյճան որեւէ կերպով պատրաստ չէ ընդունելու, որ Հայաստան ինքնիշխան պետութիւն մըն է։ Երկրորդ խնդիրը, որ այսօր առկայ է եւ միջազգային հանրութեան հնարաւորինս պէտք է բացատրուի ու տեսանելի դարձուի՝ Ատրպէյճանի մէջ շարունակականօրէն յառաջ տարուած հայատեաց քաղաքականութիւնն է։ Ատրպէյճան պետական քաղաքականութեամբ ատելութիւն կը սերմանէ հայերուն դէմ։ Այդ ատելութեան պայմաններուն մէջ ես որեւէ կերպով չեմ պատկերացներ, որ կրնայ ըլլալ խաղաղութիւն այս երկու հասարակութիւններուն միջեւ։ Երկու հասարակութիւններ, որոնցմէ մէկը՝ Ատրպէյճան կը կարծէ, թէ իր պետութեան ամենաբարձր ղեկավարութեան կողմէ ուղերձ ստացած է, թէ խաղաղ պայմաններու մէջ եթէ հայ մը սպաննէ, հերոսի կոչման կ՚արժանանայ: 2005-ին Սաֆարով սպաննեց Գուրգէն Մարգարեանը՝ քնացած վիճակի մէջ։ Ի՞նչ տեղի ունեցաւ աւելի վերջ։ Սաֆարով ազգային հերոս հռչակուեցաւ, ստացաւ բնակարան, ինքնաշարժ, եւ այլն։ Ատրպէյճանի մէջ կան հազարաւոր երիտասարդներ, որոնց համար Սաֆարովի օրինակը երանելի է։ Այս պայմաններուն մէջ մտածել, թէ հնարաւոր է խաղաղ հանգուցալուծման երթալ՝ քիչ մը երեւակայական է։ Այլ հարց է, որ զուտ քաղաքական տեսանկիւնէն կրնայ ըլլալ ինչ-որ պայմանագիր ստորագրուի։ Բայց դաշտի վրայ եւ իրականութեան մէջ տակաւին շատ կ՚ուզեն այդ խաղաղութեան հասնելու։ Այդ խաղաղութեան գործընթացը կը սկսի միայն ու միայն բացառապէս այն ժամանակ, երբ Ատրպէյճան դադրեցնէ իր հայատեաց քաղաքականութիւնը։

Իսկ Ռուսաստան-Ատրպէյճան շփումներու աշխուժացումը բնական եւ կանխատեսելի է։ Նոյնիսկ Ուքրայնայի վրայ յարձակումէն առաջ ակնյայտ էր, որ Ռուսաստանի շահերու համընկնումը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ շատ աւելի պիտի մեծնայ եւ Ռուսաստան աւելի մեծ ջանք պիտի դնէ Ատրպէյճանը սիրաշահելու համար։ Այդ սիրաշահման գործընթացին մէջ, սովորաբար, գինը կը վճարեն Հայաստանը եւ Արցախը։ Այնպէս որ, այս գործընթացները չեն նշանակեր, թէ մենք հարցի լուծման խաղաղ ճանապարհով կ՚երթանք, այլ ընդհակառակն՝ որոշակի սրացումներու պիտի երթանք։

 

-Հարցում մըն ալ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին մասին։ Ձեր կարծիքով ի՞նչ փուլի մէջ ենք։

Ներքին քաղաքական գործընթացները, անշուշտ, կրնան ինչ-որ փուլի մէջ վտանգաւոր դառնալ՝ յատկապէս, ես սա կը դիտարկեմ՝ տեսնելով, թէ ի՛նչ կը կատարուի Մոլտովայի մէջ։ Այնտեղ կ՚իրականանայ այն ինչ, որ կրնան Հայաստանի մէջ իրականացնել։ Նախ, սկզբնական շրջանին փակեցին կազը, ինչ որ Հայաստանի մէջ կատարուեցաւ Ռուսաստանի կողմէ։ Այսինքն, արդէն մէկ-երկու շաբաթէ ի վեր Հայաստան ներմուծուող կազը չի մատակարարուիր՝ պատճառաբանելով խողովակներու խցանումը։ Սա կը կատարուի որոշ ժողովրդային զայրոյթ եւ ճնշում գործադրելու համար։ Այն ինչ, որ Մոլտովայի մէջ տեղի կ՚ունենայ, չի բացառուիր, որ տեղի ունենայ նաեւ Հայասատանի մէջ։ Այնտեղ իրենց գործակալական ցանցերը, հինգերորդ շարասիւնը ոտքի հանած են՝ ցոյցեր կազմակերպելու եւ այլնի համար։ Չէ բացառուած, որ նոյնը կրնան ընել Հայաստանի մէջ, որովհետեւ՝ յատկապէս ընդդիմութիւնը, ըստ էութեան, ռուսամէտ հակում ունի եւ իր կաշառքի բոլոր գործարքներով, տնտեսական տարբեր շահերով, եւ այլն խիստ փոխկապակցուած է ռուսական շուկաներու եւ ընդհանրապէս Ռուսաստանի եւ Քրեմլինի սակաւապետերուն հետ։ Այնպէս որ, դժբախտաբար, Հայաստանէն ներս եւս խնդիրները չափազանց շատ են։ Բայց, կը կարծեմ, թէ հանրութեան մէջ այդ տիտղոսային ընդդիմութիւնը, որ նաեւ Ազգային ժողովէն ներս աթոռներ ունի, մեծ հաշուով աջակցութիւն չի կրնար ունենալ։ Որովհետեւ, մարդիկ, այնուամենայնիւ շատ լաւ կը յիշեն թէ՛ անոնց կաշառակերութիւնը, թէ՛ հակապետական գործունէութիւնը եւ թէ ի վերջոյ այս բոլոր խնդիրներու աղբիւրը, պատճառները, սկզբնաղբիւրները, որոնք հիմա մենք կը տեսնենք՝ կախուածութիւնը Ռուսաստանէն թէ՛ տնտեսական, թէ՛ կազի եւ թէ պատերազմական այս իրավիճակները, բանակին մէջ թալանը, կաշառակերութեան խնդիրները եւ բանակի թուլացման հետեւանքները։ Այս բոլորին պատճառը մէկ օրուան մէջ չէ եւ երկու-երեք տարուան խնդիր չէ։ Ասոնք երեսուն տարուան փտած համակարգի հետեւանքներն են եւ հասարակութիւնը լաւ կը գիտակցի։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս