Ռուսաստանի մէջ յաջակցութիւն ընդդիմադիր Ալեքսէյ Նաւալնիի կիրակի տեղի ունեցած ցոյցերու ժամանակ տարբեր քաղաքներու մէջ ձերբակալուածներու թիւը գերազանցած է 5000-ը։ Այս մասին կը յայտնէ OVD-Info իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը։ Այս թիւը բացարձակ մրցանշային է կազմակերպութեան գոյութեան ողջ ընթացքին (2011 թուականի դեկտեմբերին)։
Ամէնէն շատ ձերբակալութիւններ կատարուած են Մոսկուայի մէջ (1624 մարդ)։ 1149 ցուցարար ալ ձերբակալուած է Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, եւս 194-ը՝ Քրասնոյարսկի մէջ։ Ձերբակալութիւններ կատարուած են 80 քաղաքներու մէջ, որոնց կարգին՝ Նիժնի Նովկորոտի (182), Տվերի (124), Վորոնեժի (122) եւ Վլատիւոստոկի (122) մէջ։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ