image
Հրատապ լուրեր:

2026-ին ելեկտրական ուժանիւթի սակագինը պիտի չփոխուի. ՀԾԿՅ

2026-ին ելեկտրական ուժանիւթի սակագինը պիտի չփոխուի. ՀԾԿՅ

Դեկտեմբեր 30-ի նիստին Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը հաստատած է ելեկտրական ուժանիւթի համակարգի խոշոր արտադրող կայաններու եւ ծառայութիւններ մատուցողներու սակագիները։

2026-ին ելեկտրականութեան սակագիները սպառողներու համար պիտի մնան անփոփոխ, յայտնած են Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովէն:

«Սակագների վրայ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր դրական եւ բացասական գործօնների վերլուծութեան արդիւնքում «Հայաստանի էլեկտրական ցանցեր» ՓԲԸ-ի կողմից սպառողներին վաճառուող էլեկտրական էներգիայի սակագների փոփոխութեան անհրաժեշտութիւն չի առաջացել, եւ գործող սակագները սպառողների համար կը մնան անփոփոխ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։