image

«Ռուսական տրամաբանութիւն». Վարդգէս Արզումանեան

«Ռուսական տրամաբանութիւն». Վարդգէս Արզումանեան

Օրերս Լիբանանի ֆրանսատառ L’Orient Le Jour թերթին մէջ Լիբանանահայ ազգային գործիչ տօքթ. Վարդգէս Արզումանեան հանդէս եկած է ուշագրաւ յօդուածով՝ «Ռուսական տրամաբանութիւն» ընդհանուր խորագրին տակ։

 Յօդուածագիրը անդրադարձ կատարած է Ուքրանիոյ շուրջ ծաւալուող կարեւորագոյն զարգացումներուն մասին, շեշտը դնելով ռուսական մօտեցումներուն վրայ, որ հեղինակին կարծիքով ունին ծաւալապաշտական միտումներ։

 Յօդուածը կը ներկայացնենք թարգմանաբար։

Տարիներ շարունակ Փութինի Ռուսաստանը վճռական կ'երեւէր Ուքրանիան իրեն կցելու հարցով: Իսկ այսօր մամուլը արդէն կը խօսի,որ Ուքրանիոյ խնդիր դարձած է վառօդի պայթիւնավտագ տակառ մը։ 

 Եթէ արագ հայացք մը նետենք պատմութեան վրայ, ապա պիտի տեսնենք, որ ռուսերուն համար Ուքրանիան եղած է Ռուսական կայսրութեան պատկանող մաս մը։ Անոնց համար Ուքրանիան առաջին հերթին «Քիեւ Ռուս» քաղաքակրթութեան օրրանն է (դաշնութիւն 9-13-րդ դար, Ռուրիկ իշխաններու օրօք):

1654-ին կնքուած Փերեյասլաւի յայտնի պատմական պայմանագիրը առաջին անգամ ըլլալով միաւորած է Ուքրանիան եւ Ռուսաստանը, մէկ կողմէն Զաբորոկցիներու (ուքրանացի կոզակներ, որոնք բնակած են Ուքրանիոյ պատմական կեդրոնական շրջանը, որ կը կոչուէր Զաբորոկ) եւ միւս կողմէ Ռուսաստանի Ալեքսիս Ա. ձարի միջեւ։ Այս պայմանագրի համաձայն հիմնուած է Ռուսաստանի գերիշխանութեան տակ եղող Ուքրանիան, որ բաժնուեցաւ Լեհաստանէն: 1793-էն սկսեալ Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ տարածքները երբեք չեն բաժնուած։ Խորհրդային Միութեան փլուզումը, որ տեղի ունեցաւ 25 դեկտեմբեր 1991-ին, բաժնեց Ռուսաստանը Ուքրանիայէն։

Երկու Գերմանիաներու վերամիաւորման շրջանին ՆԱԹՕ խոստացած էր (ըստ ռուսական աղբիւրներուն) չընդլայնիլ նախկին Արեւելեան պլոկին ուղղութեամբ: Այս խոստումը յարգուեցաւ մինչեւ 1999, երբ այն տարին ՆԱԹՕ-ն հրաւիրեց Լեհաստանը, Հունգարիան եւ Չեխիան միանալու իրեն, ապա 2004-ին՝ Էսթոնիան, Լիթուանիան, Լաթվիան, Ռումանիան, Սլովաքիան, Սլովենիան եւ Պուլկարիան: Ռուսաստան, զգալով թէ յարձակման տակ է շրջապատող ՆԱԹՕ-ի երկիրներու կողմէ, Մարտ 2014-ին բռնի ուժով կցեց ուքրանական Խրիմը Ռուսաստանին, եւ վերջերս ան զինուած ուժեր կը կուտակէ պատերազմի հիման վրայ, ինչ որ անոր ցանկութիւնը կ'արտայայտէ Ուքրանիա ներխուժելու:

Ռուսերը, թէեւ ունին իրենց «արդարանալի» փաստարկները, բայց պարզապէս կը մոռնան, որ Ուքրանիան անկախ երկիր մըն է, անկախ ազգերու մեծ ընտանիքի մաս։ 

Որեւէ փաստարկ աշխարհի մէջ չ'օրինականցներ Ռուսաստանի ծաւալապաշտ գերիշխանական տրամաբանութեան անհաւասարութիւնը։ Հակամարտութիւնը պարզ է, կայ յարձակող կողմ եւ կայ յարձակումի ենթակայ կողմ: Այսինքն՝ բնիկներ ու ներխուժողներ։ Փաստարկները կրնան խեղաթիւրուած ըլլալ, բայց ճշմարտութիւնը միշտ նոյնն է: Այս թեման կը յիշեցնէ ինձ Ֆիոտոր Տոյստոյեւսքիի խօսքը «Ոճիր եւ պատիժ» գրքէն՝ «հարիւր նապաստակով երբեք չես կրնար ձի շինել, հարիւր կասկածներով երբեք չես կրնար՝ ապացոյց», այս կը հակասէ «ռուսական տրամաբանութեան»: Բայց, դժբախտաբար, ռուսերը կրնան պարտադրել իրենց ցանկութիւնները, քանի որ քաղաքականութեան մէջ զօրաւորին պատճառը միշտ լաւագոյնն է, եւ այս երկու ազգերուն մէջ անոնք են զօրաւորը: 

Այս «ռուսական տրամաբանութիւնը» մեզի համար այնքան ալ նորութիւն չէ, քանի որ մենք՝ լիբանանցիներս, մեր բաժինը ստացած ենք այդ անարդարութենէն։ Իսրայէլի պետութեան անօրինական ստեղծումը անիրաւաբար տարհանեց եւ ուղղեց հարիւր հազարաւոր պաղեստինցի փախստականներ Լիբանան, եւ մենք բոլորս գիտենք անոր հետեւանքները: Միւս կողմէ նաեւ սուրիական Պաաս կուսակցութեան կառավարումը, որ կ'ուզէր Լիբանանը դարձնել Մեծն Սուրիայէն մաս մը, հետեւաբար անոր «շատ սուր» միջամտութիւնը լիբանանեան գործերուն:

Տը Կոլ նշանաւոր արտայայտութիւն մը ունի՝ «ռեժիմները կ'անցնին, ազգերը կը մնան», յուսանք, որ ան ճիշդ է։ Ռուսաստանի պահանջը չի կրնար եւ պէտք չէ իրականացուի բռնութեամբ:

Դժբախտաբար, պատմութեան ընթացքին այս տիպի «հակամարտութիւններ»ը աւարտած են մեծ արիւնահեղութեամբ եւ քիչ դատողութեամբ: Այսպիսով, կ'եզրափակեմ Իսահակ Ասիմովի նշանաւոր խօսքով՝ «բռնութիւնը անատակներու վերջին ապաստանն է»:

 

 «Արեւելք»ի համար  ֆրանսերէնէ թարգմանեց՝ Թ.Գ.