image

Գամիշլի. Ոչ եւս է համայնքային նուիրեալ գործիչ՝ Վարդգէս Սիմոնեան

Գամիշլի. Ոչ եւս է համայնքային նուիրեալ գործիչ՝ Վարդգէս Սիմոնեան

 Օրերս Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած է  Սուրիոյ Ճեզիրէի շրջանի նուիրեալ ազգայիններէն՝ Տիար Վարդգէս Սիմոնեան։

Տխուր լուրը՝ «Արեւելք» ստացաւ Սուրիայէն։

Ստորեւ  բօթին մասին Բերիոյ Թեմի Դիմատետրեան էջին մէջ հրապարակուած  մահագրականը։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանը, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը, Ազգ. Գործադիր վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները եւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը

սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն՝

Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին Ազգ. Երեսփոխան, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի նախկին ատենապետ, Ծառայութեան շքանշանակիր

ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՎԱՐԴԳԷՍ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ (ծնեալ Գամիշլի 1940-ին)

մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 10 Մայիս 2025-ին։

Վարդգէս Սիմոնեան երկար տարիներ ծառայած է որպէս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամ։ Եղած է Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի նախկին ատենապետ եւ անդամ։ 

Գաղութի ամենադժուար օրերուն եւ պայմաններուն իսկ, ան գտնուած է պատնէշի վրայ։

14 Դեկտեմբեր 2020-ին, առ ի գնահատանք իր երկար տարիներու նուիրումին եւ ծառայութեան՝ արժանացած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան բարձրագոյն շքանշանին։

Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ճեզիրէի եւ Գամիշլիի ազգայիններուն, հանգուցեալի ընտանիքին եւ հարազատներուն։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։