image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսական պատուիրակութիւն մը Հասիչէ կ՚այցելէ. Իսկ «Քասատ» պատրաստ է

Ռուսական   պատուիրակութիւն մը  Հասիչէ  կ՚այցելէ. Իսկ «Քասատ» պատրաստ է

Թրքական հնարաւոր ներխուժում պիտի ազդէ սուրիական տարածքի կայունութեան եւ միասնութեան վրայ, հետեւաբար, զայն դիմակայելը պիտի չսահմանափակուի միայն թիրախաւորուած տարածքներով, այլ պիտի ընդլայնէ իր շրջանակը` ներառելով սուրիական բռնագրաւուած տարածքներու այլ շրջաններ:

 

Ռուսական ռազմական եւ անվտանգութեան պատուիրակութիւնը հանդիպած է «Քասատ»-ի ղեկավարութեան հետ Հասիչէի մէջ` քննարկելու թրքական սպառնալիքները սահմանային գօտիի քաղաքներուն եւ բնակավայրերուն դէմ:

Պատուիրակութիւնը մասնաւոր ռազմական օդանաւով ժամանած է Քամիշլիի օդակայան եւ հանդիպած է «Քասատ»-ի ղեկավարութեան հետ Հասիչէէն արեւմուտք գտնուող Life Stone հանգստավայրին մէջ: Պատուիրակութիւնը փոխանցած է «Քասատ»-ի ղեկավարութեան տեսակէտը թրքական վերջին սպառնալիքներուն վերաբերեալ, որ կը համընկնի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի Անգարա այցի հետ:

«Քասատ»-ի ղեկավարութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր, որ կ'աշխատի սուրիական բանակի հետ համակարգելու ուղղութեամբ` դիմակայելու թրքական սպառնալիքներուն երկրի հիւսիսային շրջանին մէջ: Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է «թրքական սպառնալիքներու լրջութիւնը»:

Յայտարարութեան մէջ կ'ըսուի. «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերու ռազմական խորհուրդը ռազմական խորհուրդներու եւ խմբակցութիւններու ղեկավարներու ներկայութեամբ արտահերթ նիստ կատարած է` քննարկելու Սուրիոյ հիւսիսային եւ արեւելեան շրջաններուն մէջ վերջին զարգացումները` թրքական հնարաւոր ներխուժման սպառնալիքներէն յետոյ»:

Հանդիպման ընթացքին գլխաւոր հրամանատարութեան մանրամասն ներկայացուած են թրքական յարձակումներու մանրամասնութիւնները, որոնք նախապէս թիրախաւորած են Թալ Թամր, Զարքան, Մանպիժ եւ Ալ Շահպա շրջանները: Այդ տարածքներու ռազմական խորհուրդներու հրամանատարները բացատրեցին վերջին իրավիճակները, անոնց ազդեցութիւնը խաղաղ բնակիչներու կեանքին վրայ եւ զանոնք պաշտպանելու ուղիները:

Յայտարարութեան մէջ կ'ըսուի, որ «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերը առաջնահերթ կը համարեն ապամագլցողութիւնը եւ պայմանաւորուածութիւններու հանդէպ յանձնառութիւնը, միաժամանակ ընդգծելով ուժերուն պատրաստակամութիւնը պաշտպանելու շրջանը եւ անոր բնակիչները որեւէ հնարաւոր յարձակումներէ», յաւելելով. «Հանդիպումը հաստատեց, որ թրքական հնարաւոր ներխուժում պիտի ազդէ սուրիական տարածքի կայունութեան եւ միասնութեան վրայ, հետեւաբար, զայն դիմակայելը պիտի չսահմանափակուի միայն թիրախաւորուած տարածքներով, այլ պիտի ընդլայնէ իր շրջանակը` ներառելով սուրիական բռնագրաւուած տարածքներու այլ շրջաններ: