image

Վերամուտի պատրաստութիւններ․ Մեկնարկեց «Մեսրոպեանը կը հոգայ» ծրագիրը

Վերամուտի պատրաստութիւններ․ Մեկնարկեց «Մեսրոպեանը կը հոգայ» ծրագիրը

Այս նախապատրաստական ժողովը կարեւորագոյն քայլերէն մէկն էր նոր ուսումնական տարեշրջանը յաջողութեամբ դիմաւորելու եւ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներուն համար կարգապահական ու կենցաղային լաւագոյն միջավայրը երաշխաւորելու համար։

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի տեղեկատուական գրասենեակէն վերահասու կը դառնանք՝ 

Լիբանանի մէջ կրթական նոր ուսումնական տարեշրջանի վերամուտի նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս, տեղի ունեցաւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան եւ տեսչական կազմի կարեւոր ժողով մը, որ նուիրուած էր կրթական հաստատութեան կարգապահական հարցերուն։

Գլխաւորութեամբ տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի, ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին վարժարանի բոլոր բաժանմունքներու պատասխանատուներն ու հսկիչները՝ մանկապարտէզէն մինչեւ Բարձրագոյն արուեստից վարժարան։ Այն կայացաւ նորաստեղծ «Մեսրոպեանը կը հոգայ» ծրագիրի շրջանակին մէջ, որ պիտի ընթանայ Waznat խորհրդատուական-ուսումնասիրական ընկերութեան գործակցութեամբ։ Այս առիթով, ժողովին ներկայ եղաւ ընկերութեան ներկայացուցիչ եւ ոլորտի ճանչցուած մասնագէտ տիկին Քրիսթել Սապեր։

Հանդիպման ընթացքին մասնակիցները համակողմանիօրէն քննարկեցին վարժարանին մէջ ընդհանուր կարգապահութեան եւ կենցաղի կառավարման վերաբերող հարցերը եւ խորհրդակցեցան գործադրուելիք քայլերուն շուրջ։ Ամբողջ տարուան համար կազմուեցաւ աշխատանքի ուղեցոյց մը, որուն գործադրութիւնը պիտի վերահսկուի եւ գնահատականները արձանագրուին ամսական դրութեամբ։ Աշխատանքները կը ներառեն Waznat-ի մասնագէտներու կողմէ անմիջական հսկողութիւն, դիտարկում եւ օժանդակութիւն։