Լեռնային Ղարաբաղի ռուս խաղաղապահ զօրախումբի խումբ մը զինուորներ եւ ինքնաշարժներու շարասիւն մը ուղղուած են Գորիսի եւ Սիսիանի ժամանակաւոր տեղակայման վայրեր՝ անոնց փակման աշխատանքները կազմակերպելու համար:
Այս հաստատումը կատարած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան՝ պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի հարցումին:
«Լեռնային Ղարաբաղում տեղակայուելու եւ խաղաղապահ գործունէութիւն ծաւալելու համար Ռուսատանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախբմին ՀՀ կառավարութեան կողմից ժամանակաւոր տեղակայման վայրեր են յատկացուել Գորիսում եւ Սիսիանում: Տեղանքը ընտրուել էր այդ թւում Լաչինի միջանցքի բնականոն գործունէութիւնն ապահովելու նպատակադրմամբ: Քանի որ Ռուսատանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբը լքում է Լեռնային Ղարաբաղը, հասկանալիօրէն չի կարող մնալ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնում: Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղապահ զօրախմբի մի խումբ զինծառայողներ եւ աւտոշարասիւն ուղեւորուել են Գորիսի եւ Սիսիանի ժամանակաւոր տեղակայման վայրեր դրանց փակման աշխատանքները կազմակերպելու համար», նշեց Գրիգորեան:
Աւելի վաղ հաղորդուած է, որ Արցախէն դուրս եկող ռուս խաղաղապահներու ինքնաշարժներու շարասիւնը՝ հատելով Բերձորի միջանցքը, ուղղուած է Գորիս՝ Հայաստանի ռազմական ոստիկանութեան ինքնաշարժին ընկերակցութեամբ: