image

ՀՀ 5 մարզի եւ «Զուարթնոց»ի մէջ տեղակայուած ռուս սահմանապահ եւ զինուորական կէտերը պիտի դադրեցնեն իրենց տեղակայումը

ՀՀ 5 մարզի եւ «Զուարթնոց»ի մէջ տեղակայուած ռուս սահմանապահ եւ զինուորական կէտերը պիտի դադրեցնեն իրենց տեղակայումը

Ռուսիոյ Դաշնութեան սահմանապահ եւ զինուորական կէտերը, որոնք տեղակայուած են ՀՀ 5 մարզի մէջ, պիտի դադրեցնեն իրենց տեղակայումը: Տեղեկութիւնը դիմատետրեան էջին յայտնած է Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանը։

«Համաձայն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան` 44-օրեայ պատերազմի ընթացքում եւ դրանից յետոյ Տաւուշի, Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Գեղարքունիքի, Արարատի մարզերում տեղակայուած ռուս սահմանապահ եւ զինուորական կէտերը կը դադարեցնեն իրենց տեղակայումը եւ դուրս կը գան այդ կէտերից»,– նշած է ան:

Կոնջորեանը նաեւ տեղեկացուցած է, որ բարձրագոյն մակարդակի վրայ հաստատուած է «Զուարթնոց» օդակայանէն Ռուսիոյ Դաշնութեան սահմանապահներու գործունէութիւնը դադրեցնելու որոշումը: