image

Ռուբէն Վարդանեանէն առաջարկ. Ստեղծել Համահայկական ճակատ

Ռուբէն Վարդանեանէն առաջարկ. Ստեղծել Համահայկական ճակատ

Գործարար Ռուբէն Վարդանեան կ'առաջարկէ ստեղծել Արցախի անվտանգութեան ու զարգացման աջակցութեան Համահայկական ճակատ: Ան յայտարարութեամբ հանդէս եկած է դիմատետրեան իր էջին` անդրադառնալով Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին։

«Նման նախաձեռնութիւնն ինքնին պէտք է համախմբի քաղաքացիական հասարակութեան, Հայաստանի ու Արցախի իշխանութիւնների, քաղաքական կուսակցութիւնների, սփիւռքի եւ բոլոր հայրենասէրների, բոլոր նրանց ներուժը, որոնք հասկանում են արցախեան հողում հայկականութեան պահպանման սկզբունքային կարեւորութիւնը»,- գրած է ան։

Վարդանեանի խօսքով` անվտանգութեան առանցքային տարրը հակամարտութեան գօտիի մէջ ռուսական խաղաղապահ ուժերու գտնուելու ժամկէտի երկարաձգման եւ զօրախումբի բազմակի մեծացման հարցի լուծումն է։ Ան նշած է, որ այդ մանթատը պէտք է ամրապնդուի այնքան ժամանակ, քանի դեռ մենք պատրաստ չենք  լիարժեքօրէն ապահովել մեր անվտանգութիւնը:

Այս քայլը, ըստ Վարդանեանի, թոյլ կու տայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն պահպանել, մարդասիրական համագործակցութիւն հաստատել եւ երկարաժամկէտ հաւասարակշռուած լուծում գտնել: Ատոր հիմա պէտք է ուղղուած ըլլան դիւանագիտական ջանքերը:

Ան նաեւ դիմած է ողջ աշխարհի հայութեանն ու բոլոր անոնց, որոնք անտարբեր չեն մարդկային կեանքերու ու մարդկութեան պատմական ժառանգութեան ոչնչացման նկատմամբ. պէտք է բոլոր միջոցներով միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակի վրայ: