image

Հուսիները Ատենի ծոցին մէջ յարձակած են ամերիկեան ականակիրի եւ 2 առեւտրային նաւու վրայ

Հուսիները Ատենի ծոցին մէջ յարձակած են ամերիկեան ականակիրի եւ 2 առեւտրային նաւու վրայ

Եմէնի «Անսար Ալլահ» շարժումը (հուսիներ) յայտարարած է, որ Ատենի ծոցին մէջ հարուածած է ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի երկու առեւտրային նաւ եւ ամերիկեան ականակիր: Հուսիներու գործողութիւնները իրենց նպատակներուն հասած են, յայտնած է շարժման ռազմական խօսնակ Եահիա Սարիան։

«Եմէնի ռազմածովային ուժերը գործողութիւն իրականացուցած են՝ քանի մը հականաւային հրթիռներ արձակելով Ատենի ծոցին մէջ գտնուող ամերիկեան Maersk Yorktown նաւու ուղղութեամբ», -ըսած է Եահիա Սարիան, որուն մէջբերած է Tasnim News-ը:

Իսրայէլեան MSC Veracruz նաւը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ականակիրը ենթարկուած են «մեծ թուով անօդաչուներու» հարձակման։