image

«Համաս» պատրաստ է վար դնելու զէնքերը, եթէ ստեղծուի Պաղեստինի անկախ պետութիւն՝ 1967-ի սահմաններով

«Համաս» պատրաստ է վար դնելու զէնքերը, եթէ ստեղծուի Պաղեստինի անկախ պետութիւն՝ 1967-ի սահմաններով

«Համաս»-ի բարձրաստիճան քաղաքական պաշտօնեայ Խալիլ Հայէ, որ պաղեստինցի զինեալներու ներկայացուցիչն է Իսրայէլի հետ հրադադարի եւ գերիներու փոխանակման շուրջ բանակցութիւններուն մէջ, Associated Press-ին ըսած է, որ արմատական խմբաւորումը պատրաստ է համաձայնելու Իսրայէլի հետ հինգ տարի եւ աւելի ժամկէտով զինադադարի, զէնքերը վար դնելուն եւ քաղաքական կուսակցութեան վերածուելուն, եթէ ստեղծուի Պաղեստինի անկախ պետութիւն՝ 1967-ի սահմաններով:

Իսթանպուլի մէջ AP-ի հետ զրոյցին Հայէն ըսած է, որ «Հաշաս» կ՚ուզէ միանալ Պաղեստինի ազատագրման կազմակերպութեան, որ կը գլխաւորէ հակառակորդ «Ֆաթհ» խմբակցութիւնը՝ Կազայի եւ Արեւմտեան ափի համար միասնական կառավարութիւն ձեւաւորելու համար: Ան ըսած է, որ «Համաս» կ՚ընդունի «լիովին ինքնիշխան պաղեստինեան պետութիւնը Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին եւ Կազայի հատուածին մէջ պաղեստինցի փախստականներու վերադարձը միջազգային բանաձեւերուն համապատասխան»:

Եթէ այդ տեղի ունենայ, անոր խօսքով, խմբաւորման ռազմական թեւը կը լուծարուի:

Ալ Հայէն չէ ըսած, թէ արդեօք երկու պետութեան ստեղծումը պիտի յանգեցնէ Իսրայէլի հետ պաղեստինեան հակամարտութեան աւարտին, թէ միջանկեալ քայլ պիտի ըլլայ դէպի խմբաւորման յայտարարուած նպատակը՝ ոչնչացնել Իսրայէլը: