image

Սահմանին կատարուողը ցոյց կու տայ, որ մենք առանց միջնորդներու կրնանք համաձայնութեան գալ. Ալիեւ

Սահմանին կատարուողը ցոյց կու տայ, որ մենք առանց միջնորդներու կրնանք համաձայնութեան գալ. Ալիեւ

Սահմանին կատարուողը ցոյց կու տայ, որ երբ մենք առանձին կը շփուինք, եւ ոչ ոք իրավիճակը կ՚օգտագործէ քաղաքական յաւակնութիւններու համար, կը կարողանանք համաձայնութեան գալ:

Այս մասին, ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ նշելով, որ սահմանազատման հարցով Ատրպէյճանն ու Հայաստանը շատ կառուցողական կը վարուին։

«Այն, ինչ տեսանելի է, աշխատանքի մէկ մասն է միայն։ Սա արդիւնք է, որ հիմնուած է կանոնաւոր շփումներու եւ դրական ընթացքի վրայ։ Հետեւաբար, մենք պէտք է համախմբուինք այս հարցի շուրջ եւ առաջ շարժինք, խաղաղութեան ճանապարհին լուրջ առաջընթացի լաւ հնարաւորութիւններ կան»,-ըսած է Ալիեւ: