image

«Հայաստան» հիմնադրամի նախկին տնօրէն Արա Վարդանեանէն պահանջ. Ան պէտք է պետութեան վճարէ 1 միլիառ դրամէ աւելի գումար

«Հայաստան» հիմնադրամի նախկին տնօրէն Արա Վարդանեանէն պահանջ. Ան պէտք է պետութեան վճարէ 1 միլիառ դրամէ  աւելի գումար

Գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջ ներկայացուցած է դատարանին՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախկին գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանէն եւ անոր փոխկապակցուած անձէն անշարժ եւ շարժական գոյքեր ու մէկ միլիառ դրամէ աւելի ապօրինի եկամուտ բռնագանձելու համար։

Դատախազութիւնը, մասնաւորապէս, պահանջած է բռնագանձել 3 անշարժ գոյք, 1 փոխադրային միջոց, Երեւանի կեդրոնին մէջ գտնուող բնակարանի ներկայիս միջին շուկայական արժէքն ամբողջութեամբ։

Դատարան ներկայացուած պահանջին մէջ նշուած է նաեւ 933 մլն 144 հազար դրամի մասին, որ չի հիմնաւորուիր անձի օրինական եկամուտներով, ունի ապօրինի ծագում, փոխանցուած է բարեխիղճ ձեռքբերողի կամ հնարաւոր չէ նոյնականացնել։ Կը նախատեսուի բռնագանձել նաեւ 208 մլն 214 հազար դրամ՝ որպէս ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի օգտագործումէ ստացուած եկամուտի մնացորդ: