image

Ֆրանսան, Ափրիկէի մէջ ձախողելէ ետք, կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղարարի կերպար ստեղծել. Զախարովա

Ֆրանսան, Ափրիկէի մէջ ձախողելէ ետք, կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղարարի կերպար ստեղծել. Զախարովա

Ֆրանսան, Ափրիկէի մէջ իր քաղաքականութեան ձախողումէն ետք, կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղարարի կերպար ստեղծել, թէեւ Ռուսիան էր այնտեղ խաղաղապահ դեր կատարողը, ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գոծոց նախարարութեան պաշտօնական բանբեր Մարիա Զախարովան։

«Ռոսիա 1» հեռուստաալիքի եթերին Զախարովան կարծիք յայտնած է, որ Փարիզի աշխուժութեան աճը կովկասեան տարածաշրջանին մէջ «ձեւով մը հասարակական-քաղաքական գիտակցութեան մէջ փոխհատուցում է՝ Ափրիկէի մէջ Ֆրանսայի քաղաքականութեան ձախողման լոյսին տակ»։ Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

Զախարովայի խօսքով՝ Կովկասի մէջ Ֆրանսայի «փորձարկումները» կը ներառեն «այսպէս կոչուած՝ խաղաղապահ ջանքեր»։

«Մենք կը հասկնանք, որ այդ կապ չունի խաղաղութեան պահպանման հետ։ Ամբողջ խաղաղապահ դերը, նոյնիսկ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման ծիրէն ներս, որպէս միջնորդ ստանձնած եւ կատարած է մեր երկիրը: Հիմա, ամենադժուար փուլէն ետք, որ, յոյսով ենք, արդէն աւարտած է, անոնք՝ որպէս ՆԱԹՕ-ի անդամ, կրնան սկսիլ երեւալ»,-ըսած է Զախարովան։