image

Պատմական գլուխ գործոցը՝ վերականգնուած եւ ցուցադրուած

Պատմական գլուխ գործոցը՝ վերականգնուած եւ ցուցադրուած

Երկար դադարէ յետոյ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի ցուցադրութեան բաժին վերադարձած է հայ եւ համաշխարհային արուեստի գանձերէն մէկը՝ ազգային պատմանկարչութեան հիմնադիր Վարդգէս Սուրէնեանցի «Սալոմէ» հանրայայտ ստեղծագործութիւնը։

1929 թուականին Հռոմէն Մարտիրոս Սարեանի ջանքերով Երեւան տեղափոխուած այս գլուխ գործոցը մշտապէս ներկայացուած եղած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ։

2019 թուականին «Սալոմէ»ն իջեցուած է պատէն՝ հիմնովին վերականգնելու նպատակով: Զայն տեղափոխուած է Ազգային պատկերասրահի Վերականգնման եւ պահպանութեան բաժին։ Արուեստանոցին մէջ հինգ տարի տեւած է կտաւին վերականգնումը, եւ այսօր արդէն իր նախնական շքեղ տեսքին վերադարձուած է Վարդգէս Սուրէնեանցի ամենատպաւորիչ եւ ազդեցիկ ստեղծագործութիւններէն մին, որու առջեւ ոչ ոք անտարբեր կը կենայ: Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը «Վերականգնուած ցուցանմոյշի մը պատմութիւն» նախագծի ծիրէն ներս զայն ներկայացուց հանրութեան: Մասնագէտներ գեղարուեստական այս բարձրարժէք կտաւը կը դասեն համաշխարհային կերպարուեստի մէջ Նոր կտակարանի նշանաւոր կերպար Սալոմէին նուիրուած լաւագոյն երկերու շարքին։ Կտաւը արդէն 117 տարեկան է, մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային ցուցահանդէսներու, երկար տարիներ ցուցադրուած է Ազգային պատկերասրահէն ներս, եւ մասնագէտներ նկատած էին, որ կտաւին հիմքը եւ անոր վրայ քսուած ներկերուն շերտերը ճաքեր տուած են, նոյնիսկ ներկաթափում եղած է աչքով անտեսանելի հատուածներու վրայէն: Այդ պատճառով նկարը թուլցած էր, ձեւախախտուած էր անոր մէկ մասը, շրջանակն ու ենթաշրջանակն ալ վնասուած էին: Կարիք առաջացած էր մասնագիտական վերականգնումի, որմէ առաջ ուսումնասիրութիւն կատարուած էր նաեւ օտար մասնագէտներու հետ՝ ընտրելու վերականգնումին ձեւը, նիւթերը, միջոցները: Պէտք էր շատ զգուշաւոր մօտենալ համաշխարհային արուեստի մակարդակով ալ ճանչցուած այս նկարին, եւ հայ մասնագէտները յաջողած են իրենց աշխատանքին մէջ:

Նոր ցուցադրութիւնը աւելի խորհրդաւոր տեսք հաղորդած է աւելի քան մէկ դար առաջ գծուած այս նկարին: Զայն դիտողը կը յայտնուի հանրահռչակ Սալոմէի տիրապետութեան տակ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Սալոմէն իր կերպարով իշխանութիւն գծած է պատմութեան էջերուն մէջ:

Սալոմէն, իբրեւ Նոր կտակարանի կերպար, եղած է բազմաթիւ արուեստագէտերու եւ պատմիչներու ներշնչման աղբիւր: Ըստ Մարկոսի եւ Մատթէոսի Աւետարանին, Հերովդէս իր եղբօր՝ Փիլիպպոսի կենդանութեան ընթացքին, ամուսնացած էր անոր կնոջ՝ Հերովդիային հետ եւ քանի որ Յովհաննէս Մկրտիչ այդ միութիւնը անօրէն կը նկատէր, պախարակած էր այդ ամօթալի կապը: Հերովդիան ոխ պահած է անոր դէմ եւ ամուսինը համոզած՝ ձերբակալելու Յովհաննէս Մկրտիչը: Հերովդէսի ծննդեան տարեդարձին, Հերովդիայի գեղեցկուհի աղջկան պարը այնքան կը գրաւէ Հերովդէսը, որ ան բոլորին ներկայութեամբ կը յայտարարէ, որ պատրաստ է նուիրել ինչ որ կը կամենայ աղջիկը, նոյնիսկ՝ իր թագաւորութեան կէսը։ Այդ ժամանակ Սալոմէն մօր դրդումով կը խնդրէ Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը։ Հերովդէս շատ կը տխրի, բայց քանի որ բոլորին ներկայութեամբ խոստում տուած էր, անկարող կ՚ըլլայ դրժելու, դահիճ մը կը ղրկէ եւ կը հրամայէ բերել Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը: Հրամանը իսկոյն կը կատարուի՝ Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը, սկուտեղի վրայ կը յանձնուի Սալոմէին: Աւետարանիչները այս պատմութեան մէջ չեն յիշեր Հերովդիայի աղջկան անունը։ Սալոմէի անունը ծանօթ դարձած է Յովսէփիոս Փլաւիոսի՝ «Հրէական հնախօսութիւն» աշխատութենէն։ Յովհաննէս Մկրտիչի գլխատման ստոյգ թուականը յայտնի չէ, սակայն աւանդաբար կ՚ըսուի, որ ան տեղի ունեցած է Քրիստոսի խաչուելէն առաջ, իսկ Յովսէփիոս Փլաւիոսը կը յիշատակէ, որ այդ դէպքը տեղի ունեցած է Նախքան Քրիստոս՝ 36-ին:

Յովսէփիոս Փլաւիոս կը հերքէ Սալոմէի պարին պատմութիւնը, նշելով, որ Յովհաննէս Մկրտիչ ձերբակալուած ու գլխատուած է զուտ քաղաքական պատճառներով եւ ոչինչ կը յիշատակէ անոր քարոզներուն մասին:

Կտակարանային այս նիւթը դարէ դար ապրած եւ իր արձագանգները գտած է պատմութեան մէջ՝ անմահ պահելով ինչպէս բոլոր հերոսներուն, այնպէս ալ Սալոմէին անունը:

Սալոմէի կերպարը ոգեշնչած է Պոտիչելլին, Ալպրեխթ Տիւրէրը, Թիցիանը, Ռամպրանթը, Քարաւաճիոն: Սալոմէի անունով անջրպետին մէջ կոչուած է «Սալոմէ» աստղատիպը, որ յայտնաբերուած է 1905 թուականին:

1900-ական թուականներուն Սալոմէի պատմութիւնը ներթափանցած էր նաեւ հայ արուեստագէտներու ստեղծած գործերուն մէջ, սակայն հայ մտաւորականութեան ուշադրութիւնը գրաւած էր ոչ թէ աւետարանական բնաբանի հերոսուհին, այլ բրիտանացի հռչակաւոր գրող Օսքար Ուայլտի՝ 1891 թուականին գրած «Սալոմէ» ողբերգութեան հերոսուհին։ Օսքար Ուայլտ «Սալոմէ»ն գրած է 1892 թուականին՝ յատկապէս ֆրանսացի յայտնի դերասանուհի Սառա Պեռնարին համար, եւ անոր մասնակցութեամբ ալ առաջնախաղը տեղի ունեցած է Փարիզի մէջ՝ 1896 թուականին: Տարիներ ետք՝ 1905 թուականին, Ռիխարտ Շթրաուս այդ գործին հիման վրայ գրած է նոյնանուն օփերան:

Հայ գրող Վահան Տէրեանն ալ Օսքար Ուայլտի այդ գործը, որ մէկ արարով թատրերգութիւն մըն էր, կը թարգմանէ հայերէնի եւ այդպէսով «Սալոմէ»ն կը յայտնուի նաեւ հայկական բեմին վրայ, եւ Սալոմէի դերը յաջողութեամբ կը կատարէ դերասանուհի Եքաթերինա Դուրեան-Արմէնեանը, իսկ ոգեշնչուած թատրերգութեամբ, 1907 թուականին Վարդգէս Սուրէնեանց կը ստեղծէ ի՛ր «Սալոմէ»ն:

Ի տարբերութիւն աւետարանական մէջբերման, այստեղ Սալոմէն ինքն իր վրէժին համար կը սպաննէ Յովհաննէս Մկրտիչը։ Օսքար Ուայլտի թատրերգութեան մէջ Սալոմէն կը սիրահարուի Յովհաննէս Մկրտիչին, եւ անկէ մերժուելով, վրէժխնդիր կ՚ըլլայ:

ՏԱՐԲԵՐ ՍԱԼՈՄԷ

Ուսումնասիրողներ նկատած են, որ Վարդգէս Սուրէնեանց պատկերած է բոլորովին տարբեր Սալոմէ մը: Ան ստեղծած է վիրաւորուած, ուժեղ անհատականութեամբ կին մը, որ վրէժխնդիր եղած է մերժուած սիրոյ պատճառաւ, ոչ թէ աւետարանական այն աղջիկը, որ ի գործ դրած է մօր ցուցմունքը։

Վարդգէս Սուրէնեանց «Սալոմէ»ն պատկերած է կտաւին աջ հատուածին վրայ՝ մուգ սրճագոյն նախշազարդ դրան մը քով: Նկարին ձախակողմեան հատուածը կանաչաւուն, երկնագոյն երանգներով լեցուած է եւ այլ պատկեր չկայ: Մասնագէտները բարձր կը գնահատեն մեծ նկարիչին գլուխ գործոցներէն այս կտաւը, նկատի առնելով, որ Սալոմէին կեցած դիրքը նկարին մէջ՝ մէկ կողմի վրայ, ինքնատիպութիւն կը հաղորդէ կտաւին: Սալոմէն դիտողին վերէն կը նայի եւ այդ դիրքով աւելի ընդգծելի կը դառնայ իր հպարտութիւնը:

Վարդգէս Սուրէնեանցի ստեղծագործութեան մէջ կը բացակայի Սալոմէի անբաժան մասը կազմող Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը։ Աշխարհահռչակ բազմաթիւ արուեստագէտներ Սալոմէն պատկերած են Յովհաննէս Մկրտիչի հատուած գլուխին հետ: Ըստ էութեան, հայ նկարիչի պատկերին մէջ հակադրութիւններ եւ համադրութիւններ կան, եւ Սուրէնեանց այդ հակադրութիւններուն եւ համադրութիւններուն միջոցաւ շեշտած է առաւելաբար Սալոմէի կին էութիւնը: Դիտողը առաջին ակնարկով չի յիշեր Յովհաննէս Մկրտիչի սպանութեան մասին, ոչ ալ Սալոմէի մօր պատմութիւնը կը տեսնէ այնտեղ, եւ կը ջանայ հասկնալ Սալոմէն որպէս կին: Անոր նայուածքին մէջ կայ կնոջ նայուածքին բնորոշ յատկանիշներ՝ թախիծ, գոհութիւն, բողոք: Նկարին մէջ Սալոմէ ի ցոյց կը դնէ իր մարմնին գեղեցկութիւնը, միեւնոյն ատեն ան թախիծ կ՚ապրի, որ մարմնականէն զատ իր մէջ չեն տեսներ հոգին: Սուրէնեանցի նկարին մէջ Սալոմէն կը փորձէ ծածկել իր ներքին ալեկոծութիւնները՝ արտաքուստ ինքզինք պահելով սառնասիրտ եւ մտազբաղ: Երեւակայական եւ երազային կնոջ կերպար մըն է այս «Սալոմէ»ն, որ զարմացուցած եւ հիացուցած է բազում դիտողներ:

Սուրէնեանցի «Սալոմէ» կտաւին շարունակութիւնն է կարծես «Արեւելեան պարուհի» կտաւը, որ Սուրէնեանց ստեղծած է 1912 թուականին: Իսկ «Սալոմէ»ն նոյն թուին՝ 1912-ին ցուցադրուած է Միւնիխի Գեղարուեստից ակադեմիոյ 100-ամեայ միջոցառումներու ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ փոխադրուած է Վենետիկ եւ ցուցադրուած Վենետիկի միջազգային ցուցահանդէսին ընթացքին: Սալոմէին հայ արուեստի մէջ անդրադարձած է նաեւ արձանագործ Յակոբ Կիւրճեան, որ նոյնպէս Սալոմէ կինը պատկերած է արձանի միջոցաւ, առանց շեշտելու Յովհաննէս Մկրտիչի հետ անոր կապը:

Հակառակ անոր որ Վարդգէս Սուրէնեանց ծնած եւ ստեղծագործած է հայրենիքէն դուրս, անոր բոլոր կերպարները կը շնչեն հայկականութեամբ, ինք կը նկատուի հայ պատմանկարչութեան հիմնադիրը: Մէկ անգամ չէ, որ մասնագէտներ Վարդգէս Սուրէնեանցի նկարները բնորոշած են իբրեւ սեփական ժողովուրդի ապրած կեանքին արտացոլանքը:

ՏԱՌԱՊԱԿԻՑԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Ախալցխա, 1860 թուականին, հոգեւորական ընտանիքի մը մէջ ծնած է Վարդգէս Սուրէնեանց։ Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Լազարեան ճեմարանէն, ապա շարունակած է իր ուսումը Մոսկուայի մէջ մեծ հեղինակութիւն ունեցող գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարագիտութեան ուսումնարանի ճարտարապետութեան բաժնին մէջ։ Իբրեւ նկարիչ ան ձեւաւորուած է Միւնիխի Կայսերական ակադեմիոյ մէջ։

Տիրապետելով տասը լեզուներու՝ Սուրէնեանց ուսումնասիրած է զանազան ազգերու արուեստն ու գրականութիւնը։ Ինչպէս կը վկայեն ժամանակակիցներ՝ ան պարսկերէնով կ՚արտասանէր Հաֆէզ ու Խայեամ, անգլերէնէն կը թարգմանէր Ուիլիըմ Շէյքսփիր ու Օսքար Ուայլտ, իսկ իտալերէներով ելոյթներ կ՚ունենար, կը կարդար գերմաներէն գիրքերու յառաջաբաններ, հայոց լեզուի բոլոր բարբառներով կը զրուցէր Եղեռնէն փախած գաղթականներուն հետ, ռուսերէնով կը կատակէր իր բարեկամ, ռուս գեղանկարիչ Իլիա Ռեփինի հետ։ Միւնիխէն վերադառնալէ ետք Վարդգէս Սուրէնեանց մասնակցած է դէպի Պարսկաստան կազմակերպուած գիտարշաւի մը, որուն ընթացքին տեսած է Արարատը, Արաքսը, գրեթէ աւերակ դարձած Հին Ջուղան, եղած է Թաւրիզ, Զինճան, Թեհրան: Պարսկաստան կատարած ճամբորդութենէն ետք՝ 1889 թուականին, Վարդգէս Սուրէնեանց հրաւիրուած է Սուրբ Էջմիածին՝ Գէորգեան ճեմարանի մէջ նկարչութիւն դասաւանդելու:

Էջմիածնի մէջ Վարդգէս Սուրէնեանց մեծ ոգեւորութեամբ ձեռնամուխ կ՚ըլլայ նաեւ վանքի հարուստ գրադարանէն ներս պահպանուող ձեռագիրներու ուսումնասիրութեան, ընդօրինակութիւններ կը կատարէ բազմաթիւ ձեռագիրներու մանրանկարներէն, զորս կը ցուցադրէ 1898 թուականին Մոսկուայի մէջ բացուած Պատմական նկարիչներու ընկերութեան երրորդ ցուցահանդէսին: 1891 թուականին Սուրէնեանց կը հեռանայ Էջմիածինէն:

Պարսկաստան կատարած գիտարշաւի տպաւորութիւններուն տակ է, որ նկարիչը նկարած է արեւելեան նիւթով իր յայտնի կտաւները, որոնց մէջ է նաեւ «Սալոմէ»ն: Արեւելեան նիւթով կտաւներուն մէջ են նաեւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս ցուցադրուող «Հարէմի մէջ», «Ֆիրտուսին կը կարդայ իր «Շահնամէ» քերթուածը» եւ այլն: Արուեստագէտին յետագայ կեանքն ու գործունէութիւնը հիմնականօրէն կապուած են Մոսկուայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գեղարուեստական աշխարհին հետ, ուր ստեղծագործական աշխատանքին զուգահեռ նկարիչը զբաղած է հասարակական բազմակողմանի գործունէութեամբ:

Իր ամբողջ էութեամբ եւ հոգիով Վարդգէս Սուրէնեանց կապուած եղած է իր ժողովուրդին, տառապած է անոր ցաւերով, ինքզինք նկատած է բախտակիցը հայ ժողովուրդի տառապեալ զաւակներուն: Իր ստեղծագործութիւններուն մէջէն մինչեւ վերջ արտայայտած է այն բոլոր յոյզերը, խոհերը, ապրումները, որոնք կը վերաբերին հայ ժողովուրդին: Տառապելով հայրենիքէն հեռու գտնուելու ցաւով, ահա թէ ան ի՛նչ ըսած է այդ մասին. «Աշխարհիս ամէն կողմը ցրուած են զօրեղ նկարիչներ, որոնցմէ ամէն մէկը իր գտնուած երկրին մէջ անուն հանած է եւ հռչակուած հայրենիքէն դուրս, զոր օրինակ՝ Շահինը, որ կը գտնուի Փարիզ, Մախոխեանը՝ Պերլին եւ շատ ուրիշներ։ Եւ ամէն անգամ, երբ իրարու կը հանդիպինք, միշտ լուրջ կերպով կը ցաւակցինք, որ անջատուած ենք իրարմէ եւ չենք կազմեր ամփոփ ընկերութիւն մը. այդ գանգատը ես անձամբ հանգուցեալ Յովհաննէս աղա Այվազովսքիէն նոյնպէս լսած եմ»։

Միւնիխի մէջ Վարդգէս Սուրէնեանց ուսումնասիրած է գծանկարչութիւն, «Թռչող թերթիկներ» երգիծական թերթին մէջ ծաղրանկարներ տպագրած է:

Հայ ժողովուրդի ողբերգութիւնը իր գեղարուեստական արտացոլումը գտած է նկարիչի «Ոտնահարուած սրբութիւն» կտաւին մէջ, որ բողոք-նկար է՝ ընդդէմ հնադարեան հայկական մշակոյթի բարբարոսական ոչնչացման։ Օտար զաւթիչներուն դէմ բողոքի դրսեւորում մըն է նաեւ «Շամիրամը Արա Գեղեցիկի դիակին մօտ» ստեղծագործութիւնը։ Իբրեւ պատմական նիւթ պարունակող նկար՝ ծանօթ է նաեւ Սուրէնեանցի «Խրիմեան Հայրիկ» կտաւը, ուր յուսահատ եւ արդարութիւն տենչող Խրիմեան Հայրիկը կայ՝ ձեռքերը բռունցք դարձուցած:

Վարդգէս Սուրէնեանցի ստեղծագործութիւններուն մէջ առանձին տեղ կը գրաւեն քրիստոնէական նիւթերը, եկեղեցիներու, հնագոյն վանքերու անդրադարձումները ներկայ են անոր պատմական նկարներուն մէջ:

Դժուար է կերպարուեստին մէջ գտնել ասպարէզ մը, ուր Սուրէնեանց մուտք գործած չըլլայ եւ նիւթ մը, որուն անդրադարձած չըլլայ: Ան ոչ միայն մեծ գեղանկարիչ էր, այլեւ գիրքի տաղանդաւոր ձեւաւորող, իր ժամանակին ճանչցուած թատերական նկարիչ, արուեստի հմուտ տեսաբան, թարգմանիչ, ճարտարապետ, քանդակագործ եւ հասարակական գործիչ: Նկարած է նաեւ բնանկարներ եւ դիմանկարներ, նկարազարդած է բազմաթիւ հայկական ժողովրդական եւ օտար հեքիաթներ: Եալթայի հայոց եկեղեցւոյ որմնանկարներու հեղինակը նոյնպէս Սուրէնեանցն է։

Ահաւասիկ նաեւ Կիւմրիի Ս. Աստուածածին կամ Եօթը Վէրք եկեղեցւոյ խորանի պատկերաշարին գոհարը կը նկատուի Վարդգէս Սուրէնեանցի վրձինին պատկանող «Տիրամայրը Մանկան հետ» կեդրոնական պատկերը: Շատեր կը հիանան Կիւմրիի այս հնագոյն եկեղեցւոյ խորանի պատկերաշարով, բայց քիչեր գիտեն, որ կեդրոնի գլուխ գործոցը Վարդգէս Սուրէնեանցի վրձինին կը պատկանի:

ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Ազգային պատկերասրահը, հետեւելով, թանգարաններու, պատկերասրահներու համաշխարհային փորձին՝ նոր ուղղութիւն որդեգրած է. այսուհետեւ պատկերասրահը այցելուներուն կը ներկայացնէ նաեւ պատկերասրահի ետնասրահին մէջ կատարուող աշխատանքներէն դրուագներ: Այցելուները կարող են տեսնել այս կամ այն նկարի վերականգնման ընթացքը, անոր շուրջ տարուող հետազօտական եւ այլ աշխատանքներ, որ մինչեւ հիմա կը մնային «խոհանոցային» պայմաններու ներքոյ:

Ահաւասիկ, վերականգնուած «Սալոմէ»ի կողքին կը ցուցադրուին վերականգնման ամբողջ ընթացքը պատկերող տեսանիւթ, լուսանկարներ, այլ մանրամասներ, որոնք բացատրուած են՝ դիտողին հասկնալի կերպով: Դիտողը կը տեսնէ Ազգային պատկերասրահի վերկանգնման արուեստանոցի մէկ անկիւնը, այն գործիքները, որոնցմով աշխատած են նորոգման ընթացքին, այն բոլոր մանրաթելերը եւ վնասուած չնչին մասնիկները, որոնք դուրս բերուած են աշխատանքի ժամանակ… Մասնագէտներ աշխատացած են մանրադիտակներով, լամբերով, որոնք նոյնպէս ցուցադրուած են: Այդ լամբերով դիտողը կարող է զննել եւ տեսնել վերականգնուած մասերը: Ցուցադրուած է նաեւ «Սալոմէ» կտաւին կրկնօրինակը, որ շօշափելի է տեսողութեան խնդիր ունեցող մարդոց համար: Ցուցադրութեան մաս կը կազմէ նաեւ անգոյն վերատպուած «Սալոմէ»ի օրինակներ, եւ այցելուները կրնան իրենք եւս ներկել իրենց տարբերակը:

«Սալոմէ»ի վերականգնումը կատարած է Ազգային պատկերասրահի վերականգնող-նկարիչ Տաթեւիկ Ամիրխանեան՝ իր գործընկեր Արտաշէս Աբրահամեանի հետ: Անոնք ալ կը դառնան այս իրադարձութեան հերոսները, եւ վստահ են, որ պատշաճ կերպով պահելու պարագային «Սալոմէ» նկարը այս վիճակին մէջ կրնայ եւս 100 տարի պահպանուիլ:

Անուշ Թրուանց

Նիւթը՝ «Ժամանակ»էն

Անուշ Թրվանց

Անուշ Թրվանց

Սովորել է ԵՊՀ-ում, իբրեւ լրագրող աշխատել է Հա...