Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղի Սլաւական լեզուներու եւ գրականութեանց բաժանմունքը այս ամառ հայագիտական առցանց դասանիւթ մը պիտի ներկայացնէ իր ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ հանրութեան։ Անոր կրնան մասնակցիլ նաեւ Միացեալ Նահանգներէն դուրս ապրողները, եւ հայերէնի իմացութիւնը պայման չէ։
«Լեզուն իր ընկերային պարունակին մէջ․ հայերէնի օրինակը» խորագրուած դասանիւթը պիտի մատուցուի վեց շաբաթներու ընթացքին, Յուլիս 6էն մինչեւ Օգոստոս 14, Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերուն, կ․ե․ 1-3:30։
Ճիւլիէն Քափնըրի սոյն դասընթացքին հետեւելու համար արձանագրուիլ փափաքողները կրնան այցելել այս կայքէջը։
Համալսարանին ուսանողներուն համար արձանագրութեան սակը 1800 տոլար է, Քալիֆորնիոյ համալսարանի այլ մասնաճիւղերու ուսանողներուն համար՝ 2000, ամերիկացիներու համար՝ 2500, իսկ ոչ ամերիկացիներու համար՝ 3000։