image

Renaissance Foundation-ը Ուիլիամ Սարոյեանի Առանձնատունը Կը Վերածէ Տուն-Թանգարանի

Renaissance Foundation-ը Ուիլիամ Սարոյեանի Առանձնատունը Կը Վերածէ Տուն-Թանգարանի

Ամերիկեան գրականութեան մեծատաղանդ գրող Ուիլիամ Սարոյեանի տունը գնած «Renaissance Foundation» հիմնադրամը յայտարարած է, որ առանձնատունը պիտի վերակառուցուի որպէս տուն-թանգարան եւ պիտի հանդիսանայ մշակութային օճախ ոչ միայն հայութեան, այլեւ ամբողջ աշխարհի համար: Տուն–թանգարանէն ներս պիտի կազմակերպուին գրական երեկոներ, փառատօններ եւ այլ մշակութային միջոցառումներ: Ինչպէս կը նշուի հիմնադրամի տարածած հաղորդագրութեան մէջ Սարոյեանի տունը կը գտնուէր ամայացած ու դատարկ եւ վերանորոգութեան լուրջ պահանջք ունեցող վիճակի մէջ, երկար տարիներ խնամքէ զրկուած ըլլալուն պատճառով: Արթուր Ճանիբէկեանի կողմէ հիմնադրուած «Renaissance Foundation» հիմնադրամը գիտակցելով Սարոյեանի ժառանգութեան համամարդկային կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով առանձնատան անմխիթար վիճակը եւ նպատակ ունենալով զայն փրկել ոչնչացումէն՝ 2015 թուականին գնած էր զայն: «Renaissance Foundation» հիմնադրամը շուտով պիտի մշակէ եւ հանրութեան դատին յանձնէ տուն-թանգարանի վերակառուցման նախագիծն ու գործունէութեան փլանը: Հիմնադիր կողմը հանրութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ մեծ ուրախութեամբ կ'ընդունին առաջարկներ եւ բոլոր փափաքողները իրենց գաղափարները կրնան ներկայացնել ՝ ուղարկեով info@saroyanmuseum.com էլեկտրոնային հասցէին:

Նշենք, որ 20-րդ դարու ամերիկեան գրականութեան հսկաներէն մէկը՝  Ո­ւի­լիամ Սարոյեան վախճա­նած է 18 ­մա­յիս 1981-ին, իր ծննդա­վայր Ֆ­րեզ­նո­յի մէջ։ ­Հայ մեծ գրողի ա­ճիւ­նին մէկ մա­սը թա­ղո­ւած է Ե­րե­ւա­նի ­Կո­մի­տա­սի ա­նո­ւան զբօ­սայ­գիի պանթէո­նը: