Բրիտանական «The Daily Mail» պարբերականը տեսանիւթ մը հրապարակած է Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքի մասին՝ ազատագրումէն ետք: Տեսանիւթիւն մէջ կ’երեւի, թէ ինչպէս կանայք կ’այրեն իենց պարտադրուած զգեստները, իսկ տղամարդիկ կը սափրեն իրենց մօրուքը:
Ազատագրումէն ետք բնակիչները պատմած են զինեալներու վայրագութիւններուն մասին: Կին մը պատմած է, թէ ինչպէս իսլամիստները այրած են իր մօրը, որովհետեւ մերժած է կրել իսլամիստներու յատուկ զգեստը: