image

Մաքրոն Սուրիոյ ղեկավարին կոչ ըրած է ապահովելու բոլոր սուրիացիներու պաշտպանութիւնը

Մաքրոն Սուրիոյ ղեկավարին կոչ ըրած է ապահովելու բոլոր սուրիացիներու պաշտպանութիւնը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, մայիս 7-ին Փարիզի մէջ ընդունելով Սուրիոյ անցումային շրջանի նախագահ Ահմետ Շարըհը, կոչ ըրած է անոր ամէն բան ընելու առանց բացառութեան բոլոր սուրիացիներու պաշտպանութիւնն ապահովելու համար:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հաղորդած է BFMTV հեռուստաալիքը։

Մամուլի ասուլիսին Մաքրոն յայտարարած է, որ այդ պաշտպանութիւնը պէտք է տրամադրուի սուրիացիներուն՝ «անկախ անոնց ծագումէն, կրօնէն, դաւանանքէն, հայեացքներէն»։

Ֆրանսայի նախագահը կոչ ըրած է Սուրիոյ ղեկավարին ապահովելու, որ տրուզներու դէմ վերջերս տեղի ունեցած միջդաւանական բռնութեան եւ ալաուի փոքրամասնութեան անդամներու նկատմամբ մարտին տեղի ունեցած հաշուեյարդարի համար մեղաւորները «պատասխանատւութեան ենթարկուին եւ դատապարտուին»։

Մաքրոն նաեւ յայտարարած է այդ յանցագործութիւններու մէջ մեղաւորներու դէմ Եւրոմիութեան կողմէ պատժամիջոցներ սահմանելու անհրաժեշտութեան մասին։

Ատոր հետ մէկտեղ Ֆրանսայի նախագահը հանդէս եկած է Սուրիոյ դէմ սահմանուած «եւրոպական տնտեսական պատժամիջոցներու աստիճանական վերացումը» շարունակելու օգտին, եթէ գործող իշխանութիւնը կայունացնէ երկրի մէջ իրադրութիւնը։