image

Ռամելա Օհանեան՝ «Վէրայըթի» մակազինի 2024ի հզօր կիներէն մին է

Ռամելա Օհանեան՝ «Վէրայըթի» մակազինի 2024ի հզօր կիներէն մին է

Ամերիկահայ Ռամելա Օհանեանը ներառուած է Variety's Women's Impact Report-ի Հոլիվուտի ազդեցիկ կանանց ցուցակին մէջ:

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ամերիկահայ Ռամելա Օհանեան հռչակուած է «Վէրայըթի» մակազինի 2025ի «Հոլիվուտի հզօր կիներ»էն մէկը, միանալով հեղինակաւոր այնպիսի անուններու, ինչպիսին են Էմմա Սթոուն, Ճուն Սքիւիպ, Ռէյչըլ Քոնտօ եւ ուրիշներ։ Այս ցանկը կը ներառնէ Հոլիվուտի ամենահզօր եւ ամենաազդեցիկ դէմքերը՝ շարժանկարի եւ պիզնըս աշխարհի մէջ։

Ռամելա Օհանեան կը ներկայացնէ աշխատանոցներ, մետիա ընկերութիւններ, թեքնիքագիտական ընկերութիւններ, «փոտքասթ» ընկերութիւններ եւ ցանցեր, որոնք կ'առնչուին հեռատեսիլին, թուային մետիային։ Ան հակառակ իր երիտասարդ տարիքին, վեցամեայ փորձառութիւն մը ունի «Շիփփըրտ Մուլին» ընկերութեան մէջ եւ մասնագիտացած է միջազգային նախագիծեր մշակելու եւ արտադրելու գործին մէջ։ Ան յաճախ կը բանակցի «Ամազօն» ընկերութեան անունով, նաեւ կ'աշխատի հեղինակաւոր ընկերութիւններու եւ մետիա խումբերու հետ՝ որպէս խորհրդատու։

Ռամելա Օհանեան յաճախ հանդէս կուգայ առցանց հարթակներու վրայ, հեղինակած է յօդուածներ, որոնք մեծ հնչեղութիւն ստացած են մասնագէտներու արժեւորումներով։ Հայազգի երիտասարդուհին նաեւ կը հանդիսանայ ծրագրաւորման բաժնի առաջատար արտադրական փաստաբան, կը կառավարէ պայմանագրեր՝ բազմաթիւ հարթակներուն վրայ, ներառեալ Եու-թիւպը, Դիմատետր-ը եւ Ինսթակրամ-ը, մարքեթինկային գործառնութիւններ՝ ապրանքանիշերու, գործակալութիւններու եւ տաղանդներու հետ։

 

Լուրը՝ «Զարթօնք մէտիա»էն