image

Հռոմի քահանայապետ՝ Ֆրանչիսքոս. «Խաղաղութիւնը կը ծնի կիներէն»

Հռոմի քահանայապետ՝ Ֆրանչիսքոս. «Խաղաղութիւնը կը ծնի կիներէն»

Կիներու Միջազգային Օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը ուղերձ հրապարակած է Քահանայապաետկան @pontifex «ԻՔՍ» ընկերային ցանցի էջին։

«Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւնը ներկայացուցած անոր խօսքերը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

 

«Կիները աշխարհը աւելի գեղեցիկ կը դարձնեն, զայն կը պաշտպանեն ու կենդանի կը պահեն։ Անոնք կը բերեն նորութեան, ընդելուզման ողջագուրումի եւ իրենք զիրենք նուիրելու քաջութեան շնորհքը։ Ուստի խաղաղութիւնը կը ծնի կիներէն, կը ծագի եւ դարձեալ կը բոցավառուի մայրերու քնքշութենէն»։

Կիներու Միջազգային Օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը այս խօսքերը հրատարակեց Քահանայապաետկան @pontifex «ԻՔՍ» ընկերային ցանցի էջին վրայ։ Խօսքեր` որոնք քաղուած են Նորին Սրբութեան «Աւելի շատ իգական առաջնորդութիւն` յանուն աւելի լաւ աշխարհի. հոգատարութիւնը մեր հասարակաց տան համար որպէս շարժիչ ուժ» խորագիրով Աննա Մարիա Թարանթոլայի գիրքի նախաբանէն, որ կը կրէ Քահանայապետին ստորագրութիւնը, որուն մէջ Ան ի միջի այլոց կը հաստատէ` թէ կինը ներդաշնակութիւն կը ստեղծէ ու թէ «մենք մեծ կարիք ունինք ներդաշնակութեան, պայքարելու համար անարդարութիւններու, մարդիկն ու բնութիւնը կործանող կոյր ժլատութեան, անարդար եւ անընդունելի պատերազմին դէմ»։

Այդ նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կարեւորած էր նաեւ կրթութիւնը, դաստիարակութիւնը, որ «հիմնական ճանապարհն է՝ մէկ կողմէն կանանց տրամադրելու հմտութիւններ և գիտելիքներ, որոնք անհրաժեշտ են աշխատանքի աշխարհի նոր մարտահրաւէրները դիմակայելու համար, իսկ միւս կողմէ՝ նպաստելու գերիշխող հայրիշխանական մշակոյթի փոփոխութեանը»:

«Ցաւօք` այսօր տակաւին աշխարհի մէջ 130 միլիոն աղջիկներ դպրոց չեն յաճախեր։ Չկայ ազատութիւն, արդարութիւն համապարփակ զարգացում, ժողովրդավարութիւն ու խաղաղութիւն առանց կրթութեան» հաստատած էր Ֆրանչիսկոս Պապը։

Յայտնենք որ Կիներու միջազգային Օրը ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչուեցաւ 1977-ի` մարտ 8-ին, անոր պատմութիւնը սակայն սկիզբ առած է այդ թուականէն գրեթէ մէկ դար առաջ երբ Նիւ Եորքի մէջ, 8 մարտ 1857-ին, հիւսուածեղէնի գործարաններուն մէջ աշխատող դերձակուհիներ, ցած աշխատավարձի եւ աշխատանքային վատ պայմաններուն դէմ բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին: Այս ցոյցը անգամ մը եւս յիշատակուեցաւ 8 մարտ 1908-ին, միշտ Նիւ Եորքի մէջ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տասնհինգ հազար կիներ, շրջելով քաղաքին մէջ` ու պահանջելով կրճատել աշխատանքային ժամերը եւ տղամարդոց հաւասար աշխատավարձք ստանալ, ինչպէս նաեւ իրաւունք ունենալ ընտրութիւններուն մասնակցելու:

Կանանց միջազգային օրը առաջին անգամ նշուեցաւ 19 մարտ 1911-ին, Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ եւ Դանիոյ մէջ: 1911-ին նշուեցաւ մարտ 12-ին: 1913-ին նշուեցաւ Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ մէջ` մարտ 2-ին, Աւստրիոյ, Պելճիքայի, Հոլանտայի եւ Զուիցերիոյ մէջ` մարտ 9-ին, Գերմանիոյ մէջ` մարտ 12-ին: 1914-ին Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Դանիոյ, Հոլանտայի, Զուիցերիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ նշուեցաւ միաժամանակ` կիրակի, 8 մարտին:

Խորհրդային Միութեան մէջ, 8 մարտ 1965-ին, Կանանց միջազգային օրը ճանչցուեցաւ իբրեւ ոչ աշխատանքային օր: