Իսլամական Ռամատան ամսուան առթիւ Քուէյթի Թեմի առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով հանդիպումներ ունեցած է երկրի խորհրդարանի նախագահին, վարչապետին, զանազան նախարարներու եւ երեսփոխաններու, իսլամ հոգեւոր պետերու ու երեւելի ընտանիքներու հետ: Առաջնորդ Հայր Սուրբը ընկերակցութեամբ գաղութի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Քէհեաեանին, յարաբերականի ատենապետ՝ Տիար Մարքօ Պապլանեանին եւ Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Տիար Ռաֆֆի Աբիկեանին այցելած է երկրի Իշխան ՝ Նորին Վսեմութիւն Շէյխ Սապահ Ալ Ահմատ Ալ Ճապէր Ալ Սապահին եւ անոր Գահաժառանգին եւ Ալ Սապահ ընտանիքի անդամներուն Քուէյթի հայ համայնքին անունով շնորհաւորած Ռամատանի ամիսը եւ Իշխանին փոխանցած արեւշատութեան իր բարեմաղթութիւնները: