image

Երեւան.AMAA-ի գործադիր մարմնի այցելութիւնը Աւետիսեան վարժարան

 Երեւան.AMAA-ի գործադիր մարմնի այցելութիւնը Աւետիսեան վարժարան

 Օրերս AMAA-ի գործադիր տնօրէն՝ Սերժ Պուչաքչեանը եւ նախագահ Կէրի Ֆիլիփսը այցելեցին Աւետիսեան վարժարանը եւ բարձր գնահատեցին վարժարանէն ներս  տարուած աշխատանքը: Նշենք նաեւ, որ սոյն պատուիրակութեան կ՚ընկերանար ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի երիտասարդ եւ եռանդուն ներկայացուցիչ՝ Տիար Արէն Տէյիրմէնճեան։

«Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ (AMAA) Armenia դիմատետրի էջէն։ 

Ստորեւ կը ներկայացնենք լրատւութիւնը՝

Աւետիսեան վարժարանը պատիւն ունեցաւ հիւրընկալելու AMAA-ի գործադիր տնօրէն՝ Սերժ Պուչաքչեանը եւ նախագահ Կէրի Ֆիլիփսը:

Այցելութեան ընթացքին անոնք շրջեցան դպրոցին մէջ, հաղորդակցեցան աշակերտներուն հետ ինչպէս նաեւ զրուցեցին ուսուցիչներուն եւ անձնակազմի ներկայացուցիչներուն հետ։

AMAA-ի առաջնորդները բարձր գնահատեցին դպրոցին կրթական միջավայրը՝   յատուկ ընդգծելով ուսուցիչներուն, անձնակազմին եւ պաշտօնէութեան նուիրական աշխատանքը։