image

«Քորոնա»ի տագնապ. Մոսկուայէն օժանդակութիւն՝ Երեւանին

«Քորոնա»ի տագնապ. Մոսկուայէն օժանդակութիւն՝ Երեւանին

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան զինուած ուժերու երկկողմ փոխհամագործակցութեան շրջագիծէն ներս, ՀՀ եւ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարներ Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Սերկէյ Շոյկուի միջեւ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ նոր «Քորոնա» ժահրային վարակի տարածման կանխարգելման եւ հակահամաճարակային միջոցառումներու կազմակերպմանն աջակցման, ինչպէս նաեւ փորձն ու գործնական գիտելիքները փոխանցելու նպատակով նոր Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած է ՌԴ զինուած ուժերու մասնագէտներու խումբը:

Այն համալրուած է COVID-19 վարակի հետազօտութիւններ կատարելու հնարաւորութեամբ շարժական տարրալուծարանով եւ ախտահանման համակարգով։ Պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրութեան տակ այդ համակարգերը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռեն իրականացնել ՀՀ զինուած ուժերու եւ ՀՀ-ի մէջ տեղակայուած ՌԴ 102-րդ ռազմակայանի անձնակազմի հետազօտութիւնները:

Թիրախային խումբերու մէջ իրականացուող հետազօտութիւնները մեծապէս պիտի նպաստեն կանխարգելիչ միջոցառումներու կազմակերպմանն ու զգալիօրէն պիտի բարձրացնեն հակահամաճարակային միջոցառումներու արդիւնաւէտութիւնը:

Մանրամասները տեսանիւթով պիտի ներկայացնենք առաջիկայ ժամերու ընթացքին։ Այս մասին յայտնած է ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը։


На изображении может находиться: один или несколько человек и на улице