ԸՆթերցումներս (35)
Կրկնաբանութիւն
Կրկնաբանութիւնն ու հայ մատենագիրները (ա)
Մեր մատենագիրները կը ցուցաբերեն կրկնաբանութենէ խուսափումի զմայլելի ու մեծաթիւ օրինակներով, որոնք կը հաստատեն, ի պատիւ անոնց, որ նման խուսափումը պատահականութիւն չէր, այլ խորապէս գիտակցուած արարք մը: Անոնք ունէին խուսափումի ուրոյն ու այլազան հնարքներ, որոնք կը կայանային մասնաւորաբար հոլովական ու խոնարհական վերջաւորութիւններու եւ հոմանիշներու կիրարկութեան մէջ:
Այս խուսափումը զգալի է մեր անգիր բանահիւսութեան օրերէն իսկ:
Օրինակ՝
--Ո՜ տայր ինձ զծուխն ծխանի
Եւ զառաւօտն Նաւասարդի,
Զվազելն եղանց, զվագելն եղջերուաց.
Մեք փող հարուաք եւ թմբկի հարկանէաք,
Որպէս օրէն էր թագաւորաց:
Այս եղաւ Արտաշէս Գ. արքայի (18-34) վերջին խօսքը, երբ ան օտար հողի վրայ մահացու վէրք ստացաւ դարան մտած թշնամիներէ ու այնտեղ ալ մեռաւ:
Հոգեվարքին մէջ զինք ամէնէն աւելի առինքնող յիշատակը եղած է նախ՝ հայրենի թոնիրին ծուխը եւ ապա Նաւասարդը՝ իր այլազան խաղերով.
--եղնիկներու եւ եղջերուներու վազքը, որոնց համար ան կը կիրարկէ երկու հոմանիշներ՝ վազել եւ վագել՝ զգուշանալով կրկնաբանութենէ,
--փողերու եւ թմբուկներու զարկերը, որոնց համար նմանապէս կը կիրարկէ երկու հոմանիշներ՝ հարել-հարուաք, հարկանել-հարկանէաք:
Եւ ըսել, որ այս բոլորը՝ այսքան ճաշակով անգիր շարող-հիւսողը եղած է սովորական հայ գեղջուկը, իր արքային յիշատակը վառ պահող հայ աշուղը:
Նուազ խօսուն չեն հայերէնի գրաւոր փուլի հայթայթած օրինակները:
* * *
--Եղիցի հաստատութիւն ի մէջ ջրոցդ եւ եղիցի մեկնել ի մէջ ջուրցդ» (Ծն., 1/6):
Օգտագործուած են ջուր գոյականի յոգնակիի երկու տարբեր սեռականները:
--Եւ ահա իցեն յետինք, որ եղիցին առաջինք, եւ իցեն առաջինք, որ լինիցին յետինք» (Ղուկաս, 13/30):
Օգտագործուած է եղանել եւ լինել “ըլլալ” նոյնանիշ բայերու ապառնին:
--Եթէ գտի՛ շնորհս առաջի ձեր, խօսեցարո՛ւք ընդ փարաւոնի և ասացէ՛ք» (Ծն. 50/4):
Խօսիլ եւ ըսել...
--Հռութ գնաց զկնի նորա... դարձի՛ր և դու զհետ նիրի՛ն քոյ» (Հռութ, 1/14-15)։
Տարբեր են բայերը՝ գնաց...դարձի՛ր, բայց կիրարկուած են նոյն նշանակհութեամբ, իսկ զկնի եւ զհետ արդէն նոյնանիշ են՝ “ետեւէն”:
--Դու ո՞ ես...Դու ո՞վ ես» (Յովհաննու, 1/20,23):
Օգտագործուած են ո՞վ հարցականի երկու տարբերակները՝ ո՞ եւ ո՞վ:
Այս երկուքին մէջ ընտիրը առաջինն է՝ ո՞. սակայն թարգմանիչը նախընտ-րած է նուազ ընտիր ո՞վ- ը՝ պարզապէս խուսափելու համար կրկնաբանութենէ:
--Եւ մտին որդիքն Իսրայէլի ի մէջ ծովուն ընդ ցամաք. եւ եղեւ ջուրն պարիսպ ընդ աջմէ նոցա եւ ընդ ահեկէ իւրեանց» (Ելք, 15/22):
Օգտագործուած են նոքա եւ իւրեանք “անոնք, իրենք” հոմանիշ դերանուններու սեռականները՝ նոցա “անոնց” աջին եւ իւրեանց “իրենց” ձախին:
--Տո՛ւր ինձ բաժին, որ անկանի յընչիցդ”,− եւ նա բաժանեաց նոցա զկեանս (Ղուկաս, 15/12):
Կիրարկած է հայցականը ինչք եւ կեանք հոմանիշներուն, որոնք հարստու-թիւն, ստացուածք, ունեցուածք կը նշանակեն:
--Աճեցայք եւ բազմացարոյք» (Ծնունդք, 1/28):
Աճեցայք-ը աճիլ բայի բուն հրամայական է, իսկ բազմացարոյք-ը՝ բազմանալ բայի յորդորական հրամայականը: Թարգմանիչը այսպէս վարուած է՝ խուսափելու համար միատեսակ ապառնիի նոյնանման վերջաւորութենէն:
--«Յիշեցէ՛ք զՍենեքերիմ... յո՛ւշ լիցի ձեզ պատերազմն Հռոմայեցւոց ընդ Գաղատացիս» (Բ. Մաբաբայեցիս, 8/19-20):
Յիշեցէ՛ք եւ յուշ լիցի. կարելի է միայն հիանալ թարգմանիչին այսքան բարձր ճաշակին. ուղղակի առինքնող է ան:
--Որ յոլովեաց ՚ի գիտութիւն յաւելցէ ՚ի ցաւս» (Ժողովող, 1/18)։
Յոլովել եւ յաւելել հոմանիշ են. կը նշանակեն աւելցնել, շատցնել, բազմացնել:
Աշխարհաբար Աստուածաշունչը թարգմանած է.
«Իր գիտութիւնը աւելցնողը՝ իր վիշտը կ’աւելցնէ»:
Այլ խօսքով՝ գործած է երկու կրկնութիւն՝ աւելցնող/կ’աւելցնէ եւ իր/իր:
Մինչ գրաբարի մէջ կրկնութեան հետքն իսկ չկայ:
* * *
Հետաքրքիր էի, թէ եւրոպական լեզուներ, ինչպէս նաեւ արաբերէնը ի՞նչ լուծում տուած են մեր այս գրաբար նախադասութեան. ստորեւ արդիւնքը.
--Յունարէն՝ καὶ ὁ προστιθεὶς γνῶσιν προσθήσει ἄλγημα
--Լատիներէն՝ qui addit scientiam addat et laborem
--Անգլերէն՝ he that increaseth knowledge increaseth sorrow
--Ֆրանսերէն՝ celui qui augmente sa science augmente sa douleur
--Իտալերէն՝ chi accresce il sapere, aumenta il dolore
--Սպաներէն՝ y quien añade ciencia, añade dolor
--Ռուսերէն՝ и кто умножает познания, умножает скорбь
--Գերմաներէն՝ und wer viel lernt, der muß viel leiden
--Արաբերէն՝ وَمَنْ يَزْدَادُ عِلْماً يَزْدَادُ حُزْناً
Ուրեմն իտալերէնէն բացի՝ միւս բոլոր լեզուները կրկնած են նոյն բայը: Քանի արդի իտալերէնը ձեւաւորուիլ սկսած է Ժգ-Ժդ դարերուն, ապա ուրեմն հայերէնը ոչ մէկէն որեւէ ազդեցութիւն կրած չէր կրնար ըլլալ: Սա բոլորովին ուրոյն ազգային ոճ է: Շատ կը փափաքէի գիտնալ, թէ ի՛նչ լուծում տուած է ասորերէնը, որուն վրայէն ալ մեր թարգմանիչները կատարեցին իրենց
առաջին թարգմանութիւնը: Սակայն բոլորովին անհաղորդ եմ ասորերէնին:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com