image

Եղիր խոնարհ

Եղիր խոնարհ

Խորքը սրտիս վէրքեր ունիմ, շատ վշտալի,

Անարդա՛րն է իշխողը անճար մեր երկրին։

Կը վախնամ թէ օր մը, յանկարծ չճանչցըւի

Մարդ արարածն իր անունով, ցաւօք սրտի։

 

Արժէքը մարդոց կապուած է մամոնայի,

Ու ենթարկած աշխարհն դժբախտ, տագնապալի։

Սուտ վկաներ, անպէտք խօսքեր, միշտ կը ձգտին

Տանելու մեզ, դէպի պատրանք, ունայն կեանքի։

 

Եղի՛ր խոնարհ ու հնազանդ լուսեղ սրտիդ,

Որ նըւաճես անվրէպ ճամբան, անբիծ կեանքիդ։

Հոն պիտ գտնես, սէրն համերաշխ անշէջ մտքիդ,

Ու պիտ քաղես բերքը հաճար, անկեղծ խօսքիդ։

 

ԿԱՅԼԱԿ

«Կրակ Ու Սէր» գիրքէն 

(Մայիս 16, 2012)

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...