image

Կոտայքի մարզի Ձորաղբիւր գիւղին մէջ մեքենան ինկած է ձորը. կան տուժածներ

Կոտայքի մարզի Ձորաղբիւր գիւղին մէջ մեքենան ինկած է ձորը. կան տուժածներ

19 ապրիլին, ժամը 17:26-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Կոտայքի մարզի Ձորաղբիւր գիւղին մէջ տեղի ունեցած է արկած, ինքնաշարժ մը ինկած է ձորը եւ կան տուժածներ․ անհրաժեշտ է փրկարարներուն օգնութիւնը: Յայտնած են Ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութենէն։

Դէպքի վայր է մեկնած Ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութեան փրկարարական աշխատանքներու իրականացման կեդրոնի փրկարարական խումբը։

Պարզուած է, որ «Nissan» մակնիշի ինքնաշարժը դուրս ելած է ճանապարհի երթեւեկելի հատուածէն եւ յայտնուած փոսին մէջ: Վարորդը եւ երկու ուղեւոր ինքնուրոյն դուրս ելած են փոսէն։

Փրկարարները հոսանքազրկած են ինքնաշարժը, փակած կազի տակառի փականը, պատգարակած միւս ուղեւորը եւ մօտեցուցած շտապօգնութեան ինքնաշարժին։