image
Հրատապ լուրեր:

Զատկուան տօնին առթիւ Փութին հրադադար յայտարարած է

Զատկուան տօնին առթիւ Փութին հրադադար յայտարարած է

Զատկուան տօնի հրադադարը պիտի սկսի գործել շաբաթ օր ժամը 18։00-էն եւ պիտի տեւէ մինչեւ 21 ապրիլ ՝ Մոսկուայի ժամանակով ժամը 00:00-ին։

Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին։ Ան կարգադրած է Զատկուան զինադադարի շրջանին դադրեցնել բոլոր ռազմական գործողութիւնները։

«Կ'ենթադրենք, որ ուքրանական կողմը կը հետեւի մեր օրինակին: Միեւնոյն ժամանակ՝ մեր զօրքերը պէտք է պատրաստ ըլլան ետ մղելու զինադադարի հնարաւոր խախտումներ եւ հակառակորդի ցանկացած սադրիչ գործողութիւն»,- նշած է Փութին։