Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտարարած է, որ «Քորոնա» ժահրի բրիտանական տարբերակը աւելի մահացու է, գրած է ria.ru-ն։
Անոր խօսքով՝ «Քորոնա» ժահրի սկզբնական տարբերակի պարագային 1000 վարակակիրներէն կը մահանայ մօտաւորապէս 10-ը, մինչդեռ բրիտանական տարբերակի պարագային մահացութեան թիւը կը կազմէ 13-14-ը։
Ընդ որում, Ճոնսըն հաւաստիացուցած է, որ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ օգտագործուող Pfizer եւ AstraZeneca պատուաստանիւթերն արդիւնաւէտ են նաեւ նոր տարբերակի համար։
«Քորոնա» ժահրի նոր տարբերակի մասին Մեծ Բրիտանիոյ առողջապահութեան նախարար Մեթ Հենքոքը յայտնած է 14 դեկտեմբերին: Կ'ենթադրուի, որ այն կրնայ փոխանցուիլ «Քորոնա» ժահրի սկզբնական տարբերակէն 50-70 տոկոսով աւելի արագ:
ԱՀԿ-ի տուեալներով՝ «Քորոնա» ժահրի բրիտանական տարբերակը յայտնաբերուած է արդէն 60 երկիրներու մէջ։ Շատ պետութիւններ կասեցուցած են Մեծ Բրիտանիոյ հետ փոխադրային հաղորդակցութիւնը։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ