image

Քոչարեան պիտի մասնակցի արտահերթ ընտրութիւններուն

Քոչարեան պիտի մասնակցի արտահերթ ընտրութիւններուն

Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը պիտի մասնակցի 20 յունիսին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ ղեկավարելով կուսակցութիւններու դաշինքը։ Այս մասին Քոչարեանը յայտարարած է ռուսական Առաջին ալիքի «Պոզներ» հաղորդման տուած հարցազրոյցի ընթացքին։

«Ես 10 տարի ղեկավարած եմ երկիրը, բայց անկուսակցական եմ։ Ես պիտի մասնակցիմ կուսակցութիւններու դաշինքը գլխաւորելով, ամենայն հաւանականութեամբ՝ պիտի ըլլայ 2 կուսակցութիւն»,- յայտարարած է Քոչարեանը՝ չյստակեցնելով, թէ որ կուսակցութիւնները դաշինք պիտի կազմեն։