Օրերս, հիւրընկալութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս գումարուած է քրիստոնեայ համայնքապետներու հերթական ժողովը, որուն ներկայ գտնուած են քրիստոնեայ համայնքապետները իրենց օգնականներով։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ, մասնաւորապէս, կը գրէ՝
Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտուն, հիւրընկալութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս գումարուեցաւ քրիստոնեայ համայնքապետներու հերթական ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան քրիստոնեայ համայնքապետները իրենց օգնականներով։
Տէրունական աղօթքով սկիզբ առած ժողովին արծարծուեցան քրիստոնեայ համայնքները յուզող հարցեր, որոնց առնչուող տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տրուեցան։
Եղբայրական ոգիով ժողովականները զիրար առաւել ոյժ եւ կորով մաղթեցին, միասնական ճիգերով եւ փոխգործակցութեամբ յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները։