Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ հաշուի չ'առներ ուքրանական կարգաւորման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի անձնակազմի անդամներու նախաձեռնութիւնները, եւ կարգաւորումը կը պատրաստուի քննարկել միայն անձամբ Թրամփին հետ։
Այս մասին Ուքրանիոյ նախագահը նշած է ուքրանական ռատիոյին տուած հարցազրոյցին։
«Իւրաքանչիւր նախագահի միջավայրին մէջ կան տարբեր մարդիկ, որոնք կը կատարեն որոշակի առաջադրանքներ։ Ես լրջօրէն կը վերաբերիմ միայն Միացեալ Նահանգներու նախագահի հետ զրոյցին՝ ամենայն յարգանքով անոր շրջապատողներու նկատմամբ»,- ըսած է Զելենսքի։
Ան նաեւ կրկնած է, որ երկու կողմերու անձնակազմերը կ'աշխատին հանդիպման կազմակերպման վրայ՝ նշելով, որ Տանըլտ Թրամփ դեռ չէ ստանձնած պաշտօնը եւ չի կրնար մասնակցիլ աշխարհաքաղաքական բոլոր գործընթացներուն։