Նախորդ օրը Keeping Up With the Kardashians իրապատում շոուի հայազգի աստղ Քիմ Քարտաշեանն իր էջին հրապարակած էր դստեր նկարած բնապատկերը, որ քննարկման առարկայ դարձած էր: Շատերը կ'ըսէին, որ 7-ամեայ աղջիկը չէր կրնար նման պատկեր նկարել: Ոմանք նկարը համեմատած են յայտնի հեռուստատեսային նկարիչ Պոպ Ռոսի արուեստի գործի հետ:
«Դուստրս եւ անոր լաւագոյն ընկերը իւղանկարչութեան լուրջ դասընթացներու կը յաճախեն, ուր կը խրախուսուին անոնց տաղանդներն ու ստեղծարարութիւնը», - գրած է 40-ամեայ աստղը:
Որոշ օգտատէրեր նշած են, թէ նկարի ուրուագիծն արդէն եղած է եւ Նորթ Ուէսթը միայն նկարած է այն: Ի պատասխան բոլոր քննարկումներուն, արուեստի ուսուցչուհիի աղջիկը հրապարակած է տեսանիւթ եւ խօսած այն մասին, որ իր մայրն այդ պատկերը նկարել կը սորվեցնէ իր բոլոր 7-ամեայ աշակերտներուն՝ նաեւ իրեն, երբ 7 տարեկան էր: