image

Քիմ Քարտաշեանին նուիրեցին Հայաստանի պատմութեան մասին հանրագիտարան մը

Քիմ Քարտաշեանին նուիրեցին Հայաստանի պատմութեան մասին հանրագիտարան մը

Ամերիկահայ շոու աշխարհի աստղ Քիմ Քարտաշեան «Ինսթրակրամ»ի էջին վրայ, տեսանիւթով մը ներկայացուցած է իր նոր նուէրը՝ հայկական հանրագիտարան մը, ընդգծելով անոր պատմական ու մշակութային արժէքը։

Քարտաշեան գրառում մըն ալ կցած է տեսանիւթին, հետեւեալ տողերով. «Հայկական այս հանրագիտարանը զարմանք պատճառեց զիս։ Յատուկ պատրաստուած է ինծի համար եւ կը բովանդակէ Հայաստանի ամբողջ պատմութիւնը. պայմանագրեր, քարտէզներ, կրօնական փաստաթուղթեր եւ համաձայնագրեր, որոնք խիստ կարեւոր են հայ մշակոյթի համար»։

Քիմ Քարտաշեան իր հետեւորդներուն ցոյց տուած է նաեւ հանրագիտարանի անգլերէն տարբերակը։

«Այս հանրագիտարանը ներկայիս կը վաճառուի։ Կը պատմէ Հայաստանի պատմութիւնը եւ կը բացատրէ թէ իրականութեան մէջ ինչե՞ր պատահած են։ Սա շատ կարեւոր է», -գրած է աստղը։