Խրիմի բնակիչները Քիեւի իշխանութիւններէն «ողորմութեան կարիք չունին», յայտարարած է Պետական Տումայի պատգամաւոր Միխայիլ Շերեմեթը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի» լրատուական գործակալութիւնը:
«Ժամանակն է, որ Քիեւեան այս կերպարները դադրեցնեն անտեղի շանթաժը (սպառնալիքը): Եօթը տարի անցած է այն օրէն, երբ Ուքրանիան դադրեցուցած է ջուր մատակարարելը Խրիմին: Տարածաշրջանը կը կառավարուի բացառապէս իր սեփական միջոցներով, եւ հնարաւորինս սեղմ ժամկէտի մէջ պիտի լուծուին վերջին տարուան բոլոր խնդրայարոյց հարցերը», - «ՌԻԱ Նովոստի»–ին ըսած է պատգամաւորը։ Անոր խօսքով՝ Խրիմը ծաղկում կ'ապրի, որուն ուքրանացի քաղաքական գործիչները կը նախանձին:
Աւելի վաղ Ուքրանիոյ Ներքին գործոց նախարար Արսէն Ավաքովը յայտարարած էր, որ Քիեւը ջուր պիտի չմատակարարէ Խրիմին, եթէ չվերադարձնէ տարածաշրջանի նկատմամբ վերահսկողութիւնը:
Ուքրանիան նախապէս կ'ապահովէր Խրիմի քաղցրահամ ջուրի կարիքներու 85 տոկոսը՝ Տնեպրէն հոսող Հիւսիսային Խրիմի ջրանցքով, սակայն 2014 թուականին Խրիմը Ռուսաստանին վերամիաւորուելէն ետք ջուրի մատակարարումը ամբողջովին դադարեցուած է:
Խրիմի համար ջուրը կ'արդիւնահանուէր ստորգետնեայ աղբիւրներէն եւ բնական ջրամբարներէն, որոնք անցած տարուան ընթացքին զգալիօրէն կրճատուած են տեղումներու քիչ քանակի պատճառով: Որպէս արդիւնք, իշխանութիւնները համակարգային մատակարարում սկսած են, եւ Սիմֆերոպոլի ջրամատակարարումը կազմակերպուած է արտեզեան աղբիւրներու հաշուոյն:
Խնդիրը լուծելու համար կառավարութիւնը յատկացուցած է շուրջ 50 միլիառ ռուբլի:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ