Սուրիոյ բանակը յաջողած է կարեոր զինուորական յառաջխաղացք կատարել Քեսապի շուրջ գտնուող զինուորական դիրքերուն ուղղութեամբ: Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեց Քեսապ գտնուող մեր աղբիւրը: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ բանակը մասնաւորապէս գրաւած է Ժապալ Զահի կոչուող շրջանը, որ ռազմավարական կարեւոր դիրք կը ներկայացնէ: Ըստ մեր աղբիւրին զինեալ ահաբեկիչներ թրքական սահմանը հատելէ ետք յատկապէս այդ շրջանը օգտագործելով կը հարուածէին Քեսապ հայկական աւանը: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ այս քայլով բանակը յաջողած է լայնցընել Քեսապի շուրջ եղող ապահովական գօտին եւ ամրապնդել Քեսապի ընդհանուր իրադրութիւնը: Կարելի է յայտնել նաեւ, որ Քեսապի շուրջ գտնուող զինեալները յայտնուած են խուճապային վիճակը մը մէջ: Գալով Կիրակի օր (երէկ) Քեսապի մէջ տիրող ընդհանուր իրադրութեան, կարելի է ըսել, որ գիւղը բնականոն վիճակ մը ունի, հակառակ անոր, որ շրջակայ լեռներուն ուղղութեամբ բանակը ծանր հրթիռարջակումներ կը կատարէ, որոնք կը միտին հարուածել անտառային հատուածներուն մէջ դարանակալ կերպով թաքստոց ընտրած ահաբեկիչները: