image

Քեսապի մէջ. Կարտինալ Աղաճանեանի յիշատակի ոգեկոչում եւ կիսանդրիի տեղադրում

 Քեսապի մէջ. Կարտինալ Աղաճանեանի յիշատակի ոգեկոչում եւ կիսանդրիի տեղադրում

 

Մեր արդի պատմութեան մէջ վճռորոշ դեր վերցուցած եւ բազում «ճակատներ»ու վրայ շեշտակի ներկայութիւն եւ դերակատարում ունեցած Կարտինալ Աղաջանեան դարձեալ յիշատակուեցաւ Քեսապ հայաւանին մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցի վրայ գործող Քեսապի «Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ Եկեղեցի» էջէն։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Վատիկանի մէջ երանութեան դիմումի արժանացած Կարտինալ Աղաճանեան խիստ կարեւոր եւ վճռական դեր ունեցած է, որպէսզի Քեսապ հայաւանը շարունակէ մնալ Սուրիոյ Արաբական հանրապետութեան տարածքին մէջ եւ անշուշտ այդ դերին կողքին ալ տարբեր առումներով եւ տարբեր առիթներու ան ցուցաբերած է նուիրական հայ կղերականի արի կեցուածքներ։

 

 Նշենք, որ այս բարեբաստիկ առթիւ Պէյրութէն մասնաւորապէս Քեսապ մեկնած էր Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի օգնական Առաջնորդ Արհի. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան, որ նաեւ մատուցած է Սուրբ եւ անմահ պատարագ։

 

 Ստորեւ կը ներկայացնենք, այդ առթիւ ներկայացուած թղթակցութիւնը։

 

Համայն Հայութեան պանծալի անունը բարձր պահող՝ Երջանկայիշատակ Կարտինալ Գրիգոր - Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս - Պատրիարք, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց հայրապետին յիշատակը յաւերժացնելու նպատակաւ՝ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի «Ս. Միքայէլ» վանքի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուած Մեծ Հայուն Կարտինալ Աղաճանեանի կիսանդրիի բացումը տեղի ունեցաւ՝ Կիրակի, 28 Օգոստոս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 11։00-ին։

 Կիսանդրի բացման արարողութիւնը կայացաւ նախագահութեամբ ՝ Ընդհանուր փոխանորդ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական թեմի՝ Արհի. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի եւ նախաձեռնութեամբ՝ Քեսապի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանի։

 Միջոցառման ներկայ էին, պետական եւ ազգային բարձրաստիճան պատասխանատիւներ, քոյր համայնքներու հոգեւոր հովիւներ եւ հոծ բազմութեան։Արհի. Ասատուրեանի ձեռամբ մատուցուած Սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք՝ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը՝ բացման խօսքով հանդէս եկաւ հանդիսավար՝ Պրն. Ռաֆֆի Ճուրեան, ան ողջունելէ ետք ներկաներուն, օրուան պատգամը փոխանցեց՝ տեղւոյն հոգեւոր հովիւ՝ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան, ան ըսաւ. «Շնորհիւ Կարտինալ Աղաճանեանի ջանքերուն 1939-ին, Քեսապը ընդգրկուեցաւ Սուրիոյ սահմաներուն մէջ եւ Իր ունեցած ներդրումին որպէս գնահատանք, 1955-ին, Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահ՝ Վսեմաշուք Շուքրի Քուէթլի զինք պարգեւատրեց Սուրիոյ ամենամեծ պատուոյ շքանշանով»։ապա Աղաճանեանի կեանքի մասին տեսաերիզ մը ցուցադրուեցաւ, որմէ ետք Լիբանանէն ժամանած Տէր եւ Տիկին Գէորգ Քէշիշեան տուտուկի եւ գանոնի վրայ նուագեցին «Ես իմ անուշ Հայստանի» եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացին «Հաւուն, հաւուն» տաղը։ Օրի. Աստղիկ դանիէլեան ասմունքեց՝Վահագն Դաւթեանի՝ «Հաւատում եմ քեզ իմ հայ ժողովուրդ» արտասանութիւնը։Պրն. Սեւակ Պետուրեան՝ երգեց Աղաճանեանի ամենասիրած երգը «Լեռներ հայրենի», ընկերակցութեամբ՝ Պրն. Էտի Ծիծաղեանի։Արհի. Ասատուրեան իր պատգամը փոխանցելէ ետք եզրափակեց՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին սոյն նախաձեռնութեան յաջողութեանը՝ մասնաւորաբար Գեր. Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանը, որ տարիներ շարունակ անխոնջ աշխատանք տարաւ այս գործը լրումին հասցնելուն համար։

Միջոցառման աւարտին ներկաները ուղուեցան վանքին եկեղեցւոյ շրջափակը, որ տեղի ունեցաւ Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան հայրապետին կիսանդրիի բացման արարողութիւնը, ձեռամբ՝ Արհի. Ասատուրեանին։Յուզիչ էր այն պահը՝ երբ ներկաներ ամբողջ՝ միաբերան հնչեցուցին «Կիլիկիա» մաղթերգը։Աւարտին Արհի. Ասատուրեան յուշանուէրով մը պատուեց կիսանդրին պատրաստող ՝ Լիբանանէն ժամանած արուեստագէտ Պրն. Վարդան Աւեսեանը։ներկաները ուղուեցան վանքին «Աղաճանեան» դահլիճը եւ շնորհաւորեցին Արհի. Ասատուրեանը եւ Հայր Նարեկին, ուր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութին։