image
Հրատապ լուրեր:

Քեսապ, Հալէպ եւ ... Տէր Զօր. Սուրիահայութեան ապրած արիւնալի ոդիսականը

Քեսապ, Հալէպ եւ ... Տէր Զօր.   Սուրիահայութեան  ապրած   արիւնալի ոդիսականը

Համահայկական օրակարգի թէժ իրավիճակին հետեւանքով բոլորս, ինչ որ կերպ մեր ամբողջական ուշադրութիւնը ուղղեցինք Հայաստանի ներ-քաղաքական կեանքի զարգացումներուն, չմոռնալով նաեւ հետեւիլ Արցախի ընդհանուր դրութեան, սահմանային բարդ զարգացումներուն ու նաեւ հայ ռազմագերիներու, անյայտ յայտարարուած զինուորներու ու նաեւ Կովկասի մէջ ձեւաւորուող նոր իրավիճակի դրոյթներուն։ 

 Պատերազմի դառնութիւնը ժխտական իմաստով փոփոխութեան ենթարկեց մեր կեանքը ու տխուրն այն եղաւ, որ մինչեւ անցնող սեպտեմբերի օրերը Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումները մեզի համար կը մնային տարերային, այսօր արդէն նոր իրականութեան մը ականատեսներն են։

 

 Ամէն պարագայի աւելի քան յստակ է, որ ամբողջ հայութեան համար Հայաստանի ու Արցախի զարգացումներն անդին կարեւոր կը շարունակեն մնալ Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումները։

 Սուրիան իր վէրքերով ու Լիբանանն իր անորոշ տրոփներով ու մտահոգութիւններով կը շարունակեն սառեցնել մեր աչքերը եւ ամբողջ ներուժով նայիլ դէպի այդ կողմերը։ Ու թերեւս այդ էր պատճառը, որ այսօրուան նիւթիս գլխաւոր հերոս հանդիսացող հայրենի ազգագրագէտ ՝ Արսէն Յակոբեանը (պատմական գիտութիւնների թեկնածու, ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան ու ազգագրութեան ինստիտուտի աւագ գիտաշխատող, ԵՊՀ դոցենտ)

ձեռք մեկնելով իր իտալացի գործընկեր ՝Մարչէլո Մոլլիքայի պատրաստեց հատոր մը, որ հրապարակուեցաւ վերջերս։

 Ինչ պայմաններու տակ կազմուեցաւ այդ հատորը, ինչ էին հիմնական թեմաները եւ առհասարակ դէպի ո՞ւր կ՚ընթանայ Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը, այս բոլորին մասին օրերս խօսեցայ Պրն. Յակոբեանին հետ, որ պատրաստակամօրէն պատասխանեց հարցումներուս։

 

 Ստորեւ հարցազրոյցը՝ 

 

 Վերջերս անգլերէնով հրատարակուեցաւ ձեր եւ իտալացի հետազօտող՝ Մարչէլլօ Մոլլիքայի համահեղինակած «Սուրիահայերը եւ թրքական գործօնը. Քեսապ, Հալէպ եւ Տէր Զօր» ( “Syrian Armenians and the Turkish Factor: Kessab, Aleppo and Deir ez-Zor in the Syrian War”) հատորը. Ի՞նչը մղեց ձեզի, նման հատոր մը հրատարակելու գործին, եւ ինչո՞ւ համահեղինակութեամբ տպագրուեցաւ այն։

 

Սուրիական հակամարտութեան սկիզբէն, եւեթ պատերազմն ու սուրիահայութեան հետ կապուած խնդիրները իմ հետազօտական հետաքրքութեան մաս դարձան` նախ այն պատճառով, որ պատերազմներու ու բռնութիւններու մարդաբանութիւնը, անոնց փոխկապակցուած երեւոյթները արդէն իմ մասնագիտական ոլորտին մէջն էին, երկրորդ` այն նոր իրողութիւնն էր՝ կապուած սփիւռքային գաղթօճախի ու մերձաւոր արեւլեան զարգացումներու հետ, որ գիտական վերլուծութեան անհրաժեշտութիւն ունէր: 

Միւս խնդիրը այն էր, որ մեր աշխատանքը, որ հիմնուած է միջգիտակարգային մօտեցման վրայ, ներկայացնել ու վերլուծել սուրիական հակամարտութեան այլ տեսակէտէ մը, որ դուրս կը մնայ ու անծանօթ է արեւմտեան լսարանին համար, տալ այդ հակամարտութեան մէկ այլ ընթերցում, տուեալ պարագային վտանգուած քրիստոնեայ փոքրամասնութեան՝ սուրիահայերու հայեացքով, որ ունի Ցեղասպանութեան կենդանի յիշողութիւն եւ որ ոչ միայն անցեալ, այլ ներկայ, քանի որ այդ յիշողութենէն ծնած գոյատեւման սպառնալիքները սուրիական հակամարտութեան ընթացքին քայլ առ քայլ իրականութիւն կը դառնան ու կը նիւթականանան, սկսեալ Քեսապի ու Հալէպի հայկական թաղամասերու վրայ յարձակումներէն, Տէր Զօր յուշահամալիրի պայթումէն մինչեւ Թուրքիոյ ուղղակի ներխուժումը Հիւսիսային Սուրիա: 

 

Լայն առումով, ըստ էութեան, մերձաւոր արեւելեան ցեղային դաւանական փոքրամասնութիւններու գործօնը ու անոնց ուղղուած սպառնալիքները յաճախ դուրս կը մնան կամ նուազ կը ներկայացուին սուրիական հակամարտութեան ընթացիկ քննարկումններէն:

Հատորի գաղափարը ծնած էր մեր համատեղ քննարկումներու ընթացքին, որու ժամանակ ակնյայտ դարձաւ, որ այս պատերազմը ունի մէկ այլ անդրազգային չափում՝ մասնաւորապէս կապուած Ցեղասպանութեան, թրքական գործօնի ու հայկականութեան հետ, ուր պատմական ոչ հեռաւոր անցեալն ու Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը ի յայտ կու գան ու կը դառնան կարեւոր քաղաքական գործօն, նաեւ թիրախ: Ճիշդ այս ընթացքին, օրինակ, տեղի ունեցան Սուրիոյ, Գերմանիոյ ու ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի կողմէ հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման աքթերը, որոնք, ինչպէս ցոյց տուած ենք, այս կամ այն կերպ հետագիծ ունին սուրիական հակամարտութեան մէջ:

Իմ գործընկեր՝ Մարչելլօ Մոլլիքայի հետ համագործակցութիւնը սկսած էր տարիներ առաջ, երբ ես հետազօտական աշխատանք կը կատարէի, Ֆրիպուրկի համալսարանը /Զուիցերիա/: Համատեղ համագործակցութեամբ ծնաւ այդ համալսարանի «Ֆունտամենթալիզմ» ժողովածոն, որ նուիրուած է Մերձաւոր Արեւելքի ու Կովկասի արմատականութեան խնդիրներու քննարկման: Իսկ ներկայիս նաեւ այս հատորը:

 

 

 Ի՞նչ էր պատճառը, որ ձեր իտալացի գործընկերը ընտրեց Սուրիահայութեան թեման։ Ի՞նչ էր մղիչ ուժը այդ ընտրութեան։

 

Իմ գործընկերը նոյնպէս պատերազմներու ու հակամարտութիւններու մարդաբանութեան մասնագէտ է, որու հետաքրքրութեան շրջանակները կ'ընդգրկեն Հիւսիսային Իրլանտան ու Մերձաւոր Արեւելքը: Ըստ էութեան իւրաքանչիւրս մասնագիտական առումով կը հետեւէինք սուրիական հակամարտութեան զարգացումներուն, որ մեզի միաւորեց սուրիահայութեան պարագային՝ հիմք ունենալով Ցեղասպանութեան յիշողութեան, պատերազմի ու թրքական գործօնի դերը, ինչ որ բաւական առանձնայատուկ բնոյթ կու տար ուսումնասիրութեան:

 

 Ի՞նչ են գրքի գլխաւոր բաժինները, ինչ բաժանումներ կան եւ հակիրճ տողերու մէջ կարող է՞ք խօսիլ բովանդակութեան մասին։

 

Գիրքը բաղկացած է երկու մեծ բաժինէ, առաջինը պատմական մասն է (Օսմանեան կայսրութեան միլլեթական համակարգ, արեւելեան ու հայկական հարց, ցեղասպանութիւն ու տեղահանութիւն, հայկական անդրազգային համակարգ ու սփիւռք եւ այլն), որ հնարաւորութիւն կու տայ հասկնալու պատմական այն բովանդակութիւնը, որու շրջանակին մէջ ալ կը քննարկուի սուրիահայութեան պատերազմական փարձառութիւնը հետեւեալ բաժիններով՝ Քեսապ՝ որպէս սահման, Հալէպ՝ որպէս գաղթօճախ ու քաղաքային պատերազմներու թատերաբեմ, Տէր Զօր՝ որպէս յիշողութեան տարածք եւ վերջապէս՝ թրքական ներխուժումները Հիւսիսային Սուրիա՝ որպէս տրամաբանական շարունակութիւն  փրոքսի (միջնորդութեամբ) ներգրաւուածութենէն մինչեւ պաշտօնական ներխուժում, ուր հայկական յիշողութեան համար կարեւոր տարածքները՝ Ռաս Ուլ Այն, Թել Ապիատ եւ այլն վերստին կը դառնան բռնութեան պատումներու առանցքային կէտերը: 

Այս շրջանակով ալ ցույց կու տանք, թէ ինչպէս ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը կը դառնայ անդրսահմանային հարուածներու թիրախ, իսկ յիշողութեան վայրերը, քաղաքները՝ անցեալն ու ներկան միահիւսող տարածաշրջանային քաղաքականութեան ու պատերազմի հանգոյցներ՝ վերարտադրելով Ցեղասպանութեան յիշողութիւնն ու գոյատեւման միեւնոյն սպառնալիքները՝ թրքական գործօնի դերակատարմամբ ու մասնակցութեամբ:

 

 Հատորը հայերէնով լոյս պիտի տեսնէ՞։

 

Չեմ կրնար ըսել: Հրատարակութեան ու միւս իրաւունքները “Palgrave Macmillan” հրատարակչութեանն են:

 

 Սուրիոյ տագնապին առաջին փուլէն սկսեալ, դուք տարբեր առիթներով խօսած էք այդ երկրի բարդ դրութեան, արիւնալի դէպքերուն եւ ծանր զարգացումներուն մասին. Տագնապէն տաս տարի անց ինչ եզրակացութիւն ունիք Սուրիոյ մէջ եղած պատերազմին մասին։ Այդ արտաքին ուժերու մղումով եղած պատերազմ է՞, թէ կան այլ պատճառներ եւս։

 

Արտաքին ներգրաւուածութիւնն ու գործօնները այս կամ այն կերպով անմիջապէս դարձան այս պատերազմի անբաժան մաս, իսկ ներսուրիական դիմակայութիւնը իրականութեան մէջ շատ կարճ տեւեց, եւ երբ արդէն այն մտաւ զինուած փուլ, արտաքին գործօնի դերը արդէն բաւական շօշափելի էր, օրինակ, յիշենք, միայն, որ զինեալ ընդդիմութեան կեդրոնակայանը փոխադրուեցաւ Թուրքիա: Հետագային արտաքին գործօններու դերը աւելի բազմաբնոյթ ու բազմաշերտ դարձան, անոնց կարգին՝ պաշտօնական ներգրաւմամբ, օրինակ՝ Ռուսաստան եւ Թուրքիա:

 

 Թէեւ դուք քաղաքագէտ մը չէք, սակայն լաւապէս իրազեկուած էք, թէ ինչ կը կատարուի Սուրիոյ մէջ ու այս ծիրէն ներս ձեր կարծիքով ինչ են Թուրքիոյ միջամտութեան հեռահար նպատակները այդ վիրաւոր երկրին մէջ։

 

Առնուազն երկու հեռահար նպատակ ակնառու էին, թուրքմենական գործօնի օգնութեամբ ու օժանդակութեամբ հիւսիս արեւմուտքը, ու ծովեզերեայ շրջանին հասնիլ վերահսկողութեան հաստատման նաեւ թուրքմենական ինքնավարութեան կամ հանրապետութեան ստեղծման միջոցով, երկրորդ՝ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ՝ քրտական գործօնի չեզոքացման ուղղուած՝ անվտանգութեան գօտիի անուան տակ՝ իրականացնել ցեղային դաւանական, ժողովրդագրական, քաղաքական համապատասխան փոփոխութիւններ փրոթրքական գօտի ու տարածք ձեւաւորելու նպատակով, ուր այժմ կը գործեն թրքական դպրոցներ, Ղազի Այնթապի համալսարանի մասնաճիւղը, թրքական խորհրդանիշներ եւ այլն: Նոյն այս տարածքէն էր իրականանութեան մէջ սուրիացի վարձկան ահաբեկիչներու հաւաքագրումը ու դէպի Արցախ տեղափոխումը ղարաբաղեան այս վերջին պատերազմի ժամանակ: Թուրքիան պատմական ոչ հեռաւոր անցեալի փորձ ունի այս տարածքներուն մէջ, այսպիսի գործիքներու կիրառմամբ հասնիլ նաեւ սահմանային վերաձեւումներու: Ի դէպ սահմաններու խնդիրը մենք նոնյպէս կը քննարկենք ու 1920-50 ական թուականներուն, այս գօտիէն ներս բնակող հայերը կը համարուէին «սպառնալիք» Թուրքիոյ համար: 

Ընդհանուր առմամբ ներկայ թրքական քաղաքականութեան նպատակն է հասնիլ գերակայութեան նախկին օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուած տարածքներէն ներս, այսպէս կոչուած, նոր օսմանականութեա՞ն վարդապետութեան շրջանակ, եւ այդ է, որ կը փոխկապակցէ ներկայիս, օրինակ, սուրիական հակամարտութիւնն ու ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմը:

 

 Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան երբեմնի դարպասն էր Սուրիան։ Դառն օրեր ապրեցաւ հայագաղութը, ու տակաւին ալ կը շարունակէ պայքարիլ։ Ինչ որ տեղ եւ ինչ որ չափով վտանգուած կը տեսնէք հայութեան ապագան Սուրիոյ մէջ։ 

 

Ես կը կարծեմ մարտահրաւէրներ, անշուշտ, կան, սակայն հայկական համայնքները իրենք իրենց մեկուսացուած ու առանձնացուած միաւորներ չեն, այլ ընթացիկ գործընթացների ամբողջական կրող են, ու հետեւաբար համայնքի ապագան կախուած է, ոչ միայն համայնքէն, որու ջանքերը ակնառու են, այլեւ արտաքին գործօններէն ու սուրիական պետութեան հետագայ բնոյթէն, կառուցուածքէն ու տարածաշրջանային քաղաքականութեան վերաձեւումներէն: Օրինակ՝ թրքական վերահսկողութեան գօտիէն ներս հայեր չեն մնացած, սակայն հայկական ներկայութիւն կայ ու կը շարունակէ մնալ սուրիական պետական ու ռուսական վերահսկողութեան տարածքներուն մէջ:

 

 

 Հարցազրոյցը՝ Սագօ Արեանի 

 Նիւթը՝  «Պայքար»  շաբաթաթերթէն