image

Սահմանին արիւնալի դէպքերը կրնան շարունակուիլ. Վերլուծաբան

Սահմանին արիւնալի դէպքերը կրնան շարունակուիլ. Վերլուծաբան

Ես մտավախութիւն ունիմ, որ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին մէջ արիւնալի մագլցումները կրնան շարունակուիլ։ Այս մասին NEWS.am-ի «Ուժի գործօն» հաղորդման շրջածիրէն ներս ըսած է քաղաքագէտ Ալեքսանտր Իսկանտարեանը։

Ան կրկնած է, որ խնդիրը Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման մէջ չէ, որ, անոր կարծիքով, այս կամ այն ​​ձեւով վաղ թէ ուշ կրնայ տեղի ունենալ։

«Այս խնդրի հիմքը հայկական երկու պետութիւնների վրայ ճնշում գործադրելու հնարաւորութիւնը վերացնելն է։ Սա պատահականութիւն չէ, այլ ԼՂՀ-ի եւ Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու ռազմավարութիւն։ Այս ռազմավարութիւնը անհնարին դարձնելը դժուար է: Ատրպէյճանը շտապում է՝ մտածելով, որ իրավիճակը կարող է փոխուել, եւ այժմ փորձում է ստանալ առաւելագոյնը», -ըսած է փորձագէտը։

Անոր խօսքով, բաւականաչափ դիւանագիտական ​​մեթոտներ չեն գործադրուիր ո՛չ Ռուսիոյ, ո՛չ Արեւմուտքի կողմէ։ Այդ իսկ պատճառով Ատրպէյճան իրեն թոյլ կու տայ շարունակել «մեղմօրէն» փորձել Ռուսիոյ։

«Ալիեւը շարունակելու է տարբեր տեսակի ճնշումներ գործադրել, եւ դա կանգնեցնելը չափազանց դժուար է», - ընդգծած է Իսկանտարեանը։

Ան նկատած է, որ ատրպէյճանցի պաշտօնեաները տարբեր «էքզոթիք» խօսքեր կ'ըսեն հողերու վերադարձի մասին եւ այլն։

«Սա նոյնպէս հայկական կողմերի վրայ ճնշում գործադրելու ձեւ է։ Ատրպէյճանին խաղաղութիւն պէտք չէ, նրան պէտք է Լեռնային Ղարաբաղը եւ առանց հայերի։ Խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը Պաքուի իրավիճակային նպատակն է՝ ռուս խաղաղապահներին Լեռնային Ղարաբաղից դուրս բերելու համար», - եզրափակած է քաղաքագէտը։